ՎԵՐՋՆԱԳՐԻ ՎՐԱՅ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը այլեւս չի կրնար յոյս դնել Ռուսաստանի վրայ՝ իր պաշտպանութեան համար։ «Չեմ կրնար պնդել, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներ չըլլային, վիճակը աւելի լաւ կ՚ըլլար», ըսաւ նաեւ ան։
Երեւան-Մոսկուա՝ գէթ լեզուակռիւի եզրին յայտնուած բանավէճը արդէն կ՚ընթանայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նիկոլ Փաշինեանի նախընթաց օրուան յայտարարութիւններէն վերջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին խօսած էր այդ մասին, իսկ երէկ այդ յայտարարութիւններուն փոխարէն նոր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Փաշինեան՝ «Politico Europe» հանդէսին տուած հարցազրոյցին մէջ։ Փաստօրէն, Նիկոլ Փաշինեան կրկին քննադատեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահները։
«Անվտանգային իրավիճակը կտրուկ կերպով փոխուեցաւ շփման գծի երկայնքով հրադադարի խախտումներով եւ Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժման պատճառով։ Կ՚ենթադրեմ, որ այս բոլոր հարցերը պէտք է ըլլան Ռուսաստանի խաղաղապահներու պատասխանատուութեան ներքեւ։ Սակայն, եթէ անոնք գոյութիւն ունին, ապա սա կը նշանակէ՝ խաղաղապահներու առաքելութիւնը տապալած է», ըսաւ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանը մեղադրեց մարդասիրական տագնապ մը հրահրելու մէջ։ Յամենայնդէպս, ան աւելցուց. «Չեմ կրնար պնդել, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները չըլլային, ապա վիճակը այժմ աւելի լաւ պիտի ըլլար»։ Հարցազրոյցին մէջ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան ձախողած ըլլալու պարագան ընդգծելէ վերջ, Փաշինեան աւելցուց, որ Ռուսաստան այլեւս չի գործեր իր կշիռին համարժէք։ Այս բոլորի լոյսին տակ վարչապետը դիտել տուած է, որ միջազգային հանրութեան խնդիրն է ապահովել՝ տարածաշրջանէն ներս էթնիք զտումներու կանխուիլը։
Խօսելով հարեւան պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու մասին՝ վարչապետը ընդգծեց. «Այն մոտելը, երբ մենք մեր հարեւաններուն հետ խնդիրներ ունէինք եւ ստիպուած էինք ուրիշները (կարեւոր չէ, թէ ովքեր են այդ ուրիշները) հրաւիրել մեզ պաշտպանելու համար, շատ խոցելի մոտել է»։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ ան ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Մենք այլեւս չենք կրնար յոյս դնել Ռուսաստանի վրայ, որպէսզի մեզ պաշտպանէ։ Ուքրայնայի հակամարտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան այլեւս չի կրնար ապաւինիլ Ռուսաստանին՝ որպէս իր անվտանգութեան երաշխաւորը, նոյնիսկ այն պարագային, երբ կը մեծնան մտավախութիւնները Ատրպէյճանի հետ բաց հակամարտութեան վերադառնալու կապակցութեամբ»։
Վարչապետը համոզուած է, թէ Ուքրայնայի իրադարձութիւններու հետեւանքով փոխուած են Ռուսաստանի հնարաւորութիւնները։ Ռուսաստան կը ձգտի խուսափիլ Ատրպէյճանն ու անոր մերձաւոր դաշնակից Թուրքիան օտարելէ, թէեւ անոնց երկուքն ալ Քրեմլինի տեսակէտէ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցած են նաեւ մինչեւ Ուքրայնայի պատերազմը։ «Մեր ռազմավարութիւնը պէտք է ըլլայ, որ փորձենք այս իրավիճակին մէջ առաւելագոյնս նուազեցնել մեր կախուածութիւնը ուրիշներէն։ Մեր փափաքն է ունենալ անկախ երկիր, ինքնիշխան երկիր, բայց պէտք է ճանապարհներ ունենանք, որպէսզի չյայտնուինք արեւմուտքի եւ արեւելքի, հիւսիսի եւ հարաւի բախումներու կեդրոնին։ Չի կրնար ըլլալ պարագայ մը, երբ Հայաստան դառնայ փոխանորդ։ Սա անթոյլատրելի է։ Մոտելը, որով մենք խնդիրներ ունինք մեր հարեւաններուն հետ եւ պէտք է ուրիշները հրաւիրենք պաշտպանելու մեզ, կարեւոր չեն, թէ ովքեր են անոնք, շատ խոցելի մոտել է», նշած է Փաշինեան։
«Politico Europe»ին տուած հարցազրոյցին առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս՝ կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանին ընթացքին։ Վարչապետը այս փուլին ալ անդրադարձաւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ընթացքին։ «Ես ուշադիր կը հետեւիմ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահի յայտարարութիւններուն, այլ պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն պարտաւոր չեմ հետեւիլ», ըսաւ Փաշինեան՝ ակնարկելով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի վերջին յայտարարութիւններուն։ «Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ ես կը կողմնորոշուիմ իմ ռուս գործընկերոջ յայտարարութիւններով։ Ո՞վ ըսաւ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ, ինձ հետ յարաբերութիւններու մէջ խնդիրներ չկան», յայտնեց ան եւ աւելցուց, որ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման օրէն ի վեր 7-8 հեռախօսազրոյց ունեցած է Փութինի հետ։ «Միւս գործընկերներուն հետ, ըստ էութեան, կա՛մ որեւէ խօսակցութիւն չեմ ունեցած կամ շատ աւելի պակաս խօսած եմ։ Այստեղ, չեմ կարծեր, խնդիր կայ, որովհետեւ հեռախօսազանգին նպատակն է՝ բաժնել տեղեկութիւնը, քննարկել այն իրավիճակը, որմէ միւս գործընկերները տեղեակ չեն։ Ռուսաստանի նախագահը բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ինձմէ բանաւոր եւ գրաւոր ստացած է, բաց աստի, մենք այս ընթացքին նաեւ հանդիպած ենք։ Տակաւին չեմ ըսեր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբ մը կայ։ Եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը իրադարձութիւններուն համար ունի պատշաճ տեղեկատուութեան աղբիւր», նշեց Փաշինեան։ Ռուսական կողմի եւ Փութինի վերջին պնդումներու լոյսին տակ ալ Փաշինեան մատնանշեց, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեամբ արձանագրուած պայմանաւորուածութիւնները կապի մէջ չեն այլ որեւէ պայմանաւորուածութեան հետ։
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ խնդրայարոյց դարձած ուրիշ հարցի մը՝ Հռոմի սթաթիւի վաւերացման մասին ալ խօսեցաւ Փաշինեան եւ կրկնեց, որ սա հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն հետ կապ չունի։ «Հայաստանը Հռոմի սթաթիւն պիտի վաւերացնէ ամբողջութեամբ։ Կառավարութիւնը Հռոմի սթաթիւն ուղարկած է խորհրդարան եւ ան կը վաւերացուի ամբողջութեամբ եւ լիարժէք։ Սա կապ ունի Հայաստանի անվտանգային խնդիրներուն հետ», դիտել տուաւ վարչապետը։
Անդրադառնալով յետպատերազմեան շրջանին խոր մտահոգութեան առարկայ դարձած Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ հարցումի մը՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստան պատրաստ է ու շահագրգռուած՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացմամբ։ «Սակայն, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը կասկածի տակ դնող որեւէ նկրտում, յայտարարութիւն Հայաստանի իշխանութեան համար կարմիր գիծ է», ըսաւ ան ու վստահեցուց, թէ Հայաստան դէմ չէ Հորատիզ-Մեղրի-Օրտուպատ-Երասխ երկաթուղիի վերաբացման։ Ընդհակառակն, Երեւան կողմնակից է այս բանին եւ այդ մէկը Հայաստանի տեսակէտէ շատ կարեւոր նախագիծ մը կը համարուի։
«Արդեօք մենք դէ՞մ ենք տարածաշրջանի փոխադրութեան երթուղիներու բացման. ո՛չ, կողմնակից ենք։ Կողմնակից ենք, որ ինչպէս Ատրպէյճանն ու Թուրքիան Հայաստանի տարածքով, այնպէս ալ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Հայաստանի տարածքով հաղորդակցուին։ Արդեօք մենք դէ՞մ ենք, որ Հայաստանի տարածքով անցնին տարածաշրջանային կազամուղներ, նաւթամուղներ, ելեկտրահաղորդման գիծեր. ո՛չ, մենք դէմ չենք, ընդհակառակն, հետաքրքրուած ենք այդ ծրագրերով։ Եւ այդ ամէնը պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան սահմաններէն ներս, ինչպէս նաեւ միւս երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան սահմաններուն մէջ։ Այսինքն՝ մենք այս բոլոր նախագիծերուն ո՛չ միայն կողմնակից ենք, այլեւ մենք եւս շահագրգռուած ենք անոնց իրագործմամբ», շարունակեց վարչապետը։
Խորհրդարանի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց, որ վերոյիշեալները պէտք է գործեն Հայստանի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքեւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պէտք է երկրին համար, պէտք է ապահովեն մեծ եկամուտներ։ Այս կէտին վրայ Փաշինեան յիշեցուց, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով միջանցք նախատեսուած չէ։ Որպէս միջանցք՝ ինքնիշխանութեան որոշակի սահմանափակմամբ, նախատեսուած է միայն Լաչինի միջանցքը։ Ան նկատեց, որ բազմաթիւ պարագաներով Ատրպէյճանի որոշ շրջանակներ եռակողմանի համաձայնութեան քոնթեքստի «միջանցք» բառի զգայնութիւնը հասկնալով՝ կ՚օգտագործեն սխալ քոնթեքստներ՝ մանաւանդ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ նկրտումներ ձեւաւորելու համար։ «Այս իմաստով սա մեզի համար ո՛չ միայն անընդունելի, այլեւ կարմիր գիծ է», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը կ՚ուզէ ճանապարհներ, կողմնակից է ճանապարհներու բացման՝ իր ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ օրէնքներու շրջանակին մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ միջնորդներ պատրաստակամութիւն յայտնած են, որպէսզի աշխատանք տանին՝ իր եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։