ԱԿՆԱՐԿ - 32 - «ՆԵԳՐ» ՉԷ՛, ԱՅԼ՝ ՍԵՒԱՄՈՐԹ

Մարդ արարածը իր բնաւորութեամբ միշտ կը սիրէ ինքզինք տարբերել ուրիշներէն, ինքզինք աւելի բարձր, կամ աւելի արժէքաւոր համարելով:

Տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ կան, ինչպէս նաեւ մարդիկ մորթի տարբեր գոյներ ունին, սպիտակամորթ եւ սեւամորթ, սակայն բնաւորութիւններու եւ մորթի գոյնի տարբերութիւնները մարդուն մարդ ըլլալու հանգամանքը չեն փոխեր: Այսինքն, եթէ մէկը բարկացող ըլլայ, ուրիշ մը գոհունակ, ուրիշ մը հիւանդոտ, ուրիշ մը դժգոհող, ուրիշ մը սեւամորթ, ուրիշ մը սպիտակամորթ, բոլորն ալ կը կրեն նոյն անունը՝ մարդ, այսինքն այդ բոլոր տարբերութիւնները մարդ իր մարդ ըլլալու հանգամանքէն չեն խախտեր:

Մարդկութեան պատմութեան որոշ մէկ հանգրուանին, այսօրուան այսպէս ըսած մարդու ազատութեան ջատագով հանդիսացող եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանող Արեւմուտքը, Ափրիկեան ցամաքամասէն դէպի իրենց երկիրները հասնող մարդիկը, որոնց մորթի գոյնը տարբեր էր, սեւ էր՝ իրենց ապրած երկիրներու տաք եղանակին բերումով, սկսան տարբեր աչքով նայիլ այդ մարդոց, իրենք զիրենք աւելի բարձր, աւելի տարբեր սկսան կարծել այդ մարդոցմէ, աւելին՝ սկսան զանոնք որպէս ստրուկ օգտագործել, ուրկէ ծագում առած սեւամորթները ստրուկ կոչելու հիւանդագին մտայնութիւնը: Աւելի ուշ, սեւամորթները անարգելու ու անպատուելու համար անոնց պիտի կպցուէր «նեգր» անունը, պարզապէս ստորնացնելու համար զանոնք: Բնականաբար, ինքզինք մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ մարդու ազատութեան ջատագով յայտարարած Արեւմուտքը, իր այս վերաբերմունքը բնական կը նկատէ… Բայց միթէ՞ այդպէս է: Բնականաբար ո՛չ, որովհետեւ այդ մարդիկը ո՛չ մէկ մեղք ունին սեւամորթ ըլլալուն համար, աւելի՝ սեւամորթ ըլլալը մեղք չէ, այլ՝ Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհք մը, ինչպէս շնորհք է նաեւ սպիտակամորթ ըլլալը: Հետեւաբար, մարդուն կողմէ այսպիսի զանազանութիւններ դնելը եւ այսպէս անարգալից ու ստորնացուցիչ վերաբերմունք ցուցաբերելը իր նմանին հանդէպ, ո՛չ այլ ինչ է եթէ ոչ անմարդկային վերաբերմունք, այլեւ՝ մահացուցիչ հիւանդութիւն մը, որ միայն ատելութիւն ու չարութիւն կը սերմանէ իր չորս դին, անգիտանալով որ այդ ատելութիւնն ու չարութիւնը օրին մէկը զինք գերեզման պիտի իջեցնեն…:

Արեւմտուքը հանգիստ ձգենք եւ մեր ակնարկը դէպի Արեւելք դարձնենք, ի մասնաւորի Հայաստան: Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ ալ սեւամորթները «նեգր» կամ «ստրուկ» կը կոչեն: Այս ախտը ուրկէ՞ կամ ինչպէ՞ս եկած հասած է Հայաստան, չեմ գիտեր, բայց նման հիւանդագին մտայնութիւնը յարիր չէ մեր ժողովուրդին: Մեր ժողովուրդին որ իր պատմութեան զգալի մէկ հատուածը այս կամ այն տիրապետութեան տակ անցուցած է, այս կամ այն կայսրութեան ենթական եղած է: Մեր գրիչներէն ոմանք մեր վերջին ամենէն դաժան փորձառութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանի, որպէս ստրկութեան չորս դարեր կը բնորոշեն: Լաւ, եթէ մենք որ մեր պատմութեան զանազան հանգրուանները ասոր կամ անոր ստրուկ եղած ենք, ստրկութեան մէջ ապրած ենք, հիմա ի՞նչ համարձակութեամբ նոյն այդ պիտակը կու տանք ուրիշի մը, որ ո՛չ թէ մեր նման աշխարհաքաղաքական դրդապատճառներով ստրկութեան մէջ յայտնուած է, այլ՝ պարզապէս որովհետեւ սեւամորթ ծնած է: Ամօթն ալ լաւ բան է…:

«Նեգր»երը ստրուկ չեն, այլ՝ բոլոր մարդոց նման սովորական մարդիկ են:

«Նեգր»երը ստրուկ չեն, այլ՝ բոլոր մարդոց հաւասար են:

«Նեգր»երը ստրուկ չեն, այլ՝ շատ յաճախ սպիտակամորթներէն աւելի սպիտակ են՝ ներքնապէս, հոգեպէս:

«Նեգր»երը ստրուկ չեն, այլ՝ Քրիստոսի արեամբ գնուածներ, ինչպէս բոլոր անոնք որ ընդունած են Տէր Յիսուսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ:

«Նեգր»երը ստրուկ չեն, այլ՝ ՄԱՐԴ են, պարզապէս ՄԱՐԴ:

Աւարտելէ առաջ ընթերցողներուն հետ կ՚ուզեմ բաժնեկցիլ Նշան Պէշիկթաշլեանի «Վայրենի մը» խորագիրը կրող գրութենէն հատուածներ, ուր Պէշիկթաշլեան կը ներկայացնէ Փարիզի փողոցներէն մէկուն վրայ ծերունի սեւամորթի մը հետ ունեցած երկխօսութիւնը: Մէջբերուած հատուածները սեւամորթին խօսքերն են:

«…Ձեր մօտ ամէն բան սուղ է: Միակ աժան բանը ամենէն թանկագին եղող՝ մարդկային կեանքն է:

…Ի՞նչ են ձեր «լուր» կոչածները: Թշուառութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, ոճրագործութիւններ, խաբեբայութիւններ, սուտեր, անձնասպանութիւններ, վախեր, սպառազինութիւններ, հիւանդութիւններ, դժոխային գիւտեր, պատերազմներ ու զանազան կռիւներ: Մենք ատոնցմէ ոչ մէկը ունինք, որով լրագիր ալ չունինք: Ո՞րն է լաւը: Այդ օրինակ լուրեր չունենալով՝ լրագիր չունենա՞լը, թէ այդ խայտառակ լուրերը ունենալով՝ լրագիր ունենալը:

…- Ձեր քանդելու հանճարը կը գերազանցէ ձեր շինելու հանճարը: Ատկէ զատ՝ դուք կը շինէք ամէն բանին կեղծը: Շինած էք ոսկիին կեղծը, մարգրիտին կեղծը, կտաւին կեղծը, մետաքսին կեղծը, գինիին կեղծը, կարագին կեղծը, հացին կեղծը: Դուք ուրիշ բանի մըն ալ կեղծը շինած էք՝ առանց անդրադառնալու:

- Որն է այդ բանը (Պէշիկթաշլեան):

- Մարդը: Մարդուն կեղծն ալ շինած էք դուք, միլիոններով: Ձեր շինած կեղծ մարդուն բարեկամութիւնը կեղծ է, արդարութիւնը կեղծ է, ազատութիւնը կեղծ է, վարդապետութիւնները կեղծ են, սիրտը, միտքը, լեզուն ամբողջովին կեղծ են: Մենք՝ վայրենիներս, կը զարմանանք ձեր տաղանդին վրայ, սակայն, չենք կրնար զմայլիլ ու շնորհաւորել: Մենք իրերը ձգած ենք իրենց բնական վիճակին մէջ, քանի բնութիւնը ոչինչ ունի կեղծ: Մինչդեռ դուք զբաղած էք կեղծաւորութեամբ: Օր պիտի գայ, որ ձեր շինած կեղծերուն ալ կեղծերը պիտի շինէք տակաւին:

… Ձեզի ըլլայ ձեր քաղաքակրթութիւնը: Վրան եթէ ափերով ոսկի դնէք, չենք ընդունիր: Ձեր քաղաքակրթութիւնը շինուած է ձեր ստամոքսին վրայ: Ո՜րքան աղտոտ է հիմը: Ճահիճի վրայ կանգնած է ան: Ձեր քաղաքակրթութիւնը հոգիով ու մարմինով անօթիի լարախաղացութիւն է: Դուք ձեր քաղաքակրթութեամբ մենէ հազար անգամ աւելի բարբարոս էք:

…Մենք՝ վայրենիներս, դուրսէն սեւ ենք, սակայն, ներսէն՝ սպիտակ: Իսկ դուք դուրսէն ճերմակ էք ու ներսէն սեւ:

Վայրենիներս սատանայի պատկերով հրեշտակներ ենք (անկեալ, եթէ կ՚ուզէք), դուք, սակայն, Աստուծոյ պատկերով շինուած սադայէլներ էք: Գայլեր՝ գառան մորթով:

Դուք հանճարեղ էք ու տխմարութիւններ կը գործէք, մենք յիմարներ ենք ու իմաստութիւնը կը գործադրենք:

Մենք կ՚ուտենք, երբ անօթի ենք, մինչդեռ դուք կ՚ուտուիք, երբ անօթի էք ու կ՚ուտէք, երբ կուշտ էք:

…»:

Ասկէ ետք նախքան սեւամորթներու հասցէին անհիմն անարգալից խօսքեր հասցնելը կամ զանոնք ստրուկ որակելը, պահ մը մտաբերենք այս ծերունի սեւամորթին վերոնշեալ խօսքերը, յատկապէս՝ մենք դուրսէն սեւ ենք, ներսէն՝ սպիտակ, իսկ դուք՝ սպիտակամորթներդ՝ դուրսէն սպիտակ, ներսէս սեւ:

Մենք սատանայի պատկերով հրեշտակն ենք, իսկ դուք Աստուծոյ պատկերով սադայէլներ:

Դուք հանճարեղ տխմարներ էք, մենք՝ յիմար իմաստուններ:

Մենք անօթի եղած ատեն կ՚ուտենք, դուք՝ կուշտ եղած ատեն:

Այս բոլորը մտաբերենք եւ նոր մտածենք անհիմն վիրաւորանքներ ու անարգալից խօսքեր արտաբերել:

Մի՛շտ յիշենք, որ սեւամորթներն ալ մեր նման մարդիկ են, ո՛չ «նեգր» եւ ո՛չ ալ «ստրուկ», այլ՝ պարզապէս ՄԱՐԴ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

6 սեպտեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2023