ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՆՈՐ ՔԱՅԼ
Անգարա նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Հարաւային Կովկասի ապագայ համայնապատկերին վրայ իր դիրքը ապահովելու համար։ Թուրքիա կ՚ընթանայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս կշիռը բարձրացնելու ճանապարհով ու կը ձգտի բանակցութիւններուն ուղղակի ներգրաւուիլ, երբ տարածաշրջանէն ներս ուժերու վերադասաւորումը անշրջադարձելի է։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին յայտարարեց, որ վերջին օրերուն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին առաջարկած է քառակողմանի հանդիպում մը կազմակերպել՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ալ մասնակցութեամբ։
«Մեր գլխաւորութեամբ եռակողմանի տեսակցութեան մը առաջարկը ներկայացուցինք, այսինքն մենք քառակողմանի հանդիպման առաջարկ մը ըրինք։ Տարբեր, այստեղերուն հետ անկապակից ղեկավարներու փոխարէն, եկէք այս պահուն այս գործին ներգրաւուած պր. Փութինը, պր. Ալիեւը, ես եւ Փաշինեան միասնաբար քառակողմանի ժողով մը գումարենք։ Քայլն ալ ըստ այդմ կ՚առնենք։ Այսպիսի առաջարկ մը… Առայժմ դրական կամ ժխտական արձագանգ մը չեղաւ։ Այս նիւթին շուրջ պր. Ալիեւին հետ ալ այս բանը տակաւին պիտի քննարկենք, պիտի հասունցնենք եւ իրադարձութիւններուն մօտէն պիտի հետեւինք», ըսաւ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ՝ ՄԱԿ-ի նոր նստաշըր-ջանի բացման առթիւ Նիւ Եորք մեկնելէ առաջ։