Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԲՆԱԿԱՐԱՆԻ ԹԱԼԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի կեցավայրը ենթարկուած է թալանի։ Իրաւապաշտպան Կարապետ Պօղոսեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով տեղեկացուց, որ Նորին Սրբազնութեան բնակարանը թալանուած է։ Դէպքի ընթացքին հոգեւոր-բարոյական արժէքով թանկ իրեր գողցուած են։ Հաղորդումներուն մէջ յատկապէս շեշտուած է, որ խօսքը նիւթական արժէքի չի վերաբերիր։ «Միայն անաստուածներու օրօք ոեւէ մէկը կը համարձակէր մտնել հոգեւոր առաջնորդի մը բնակարանը։ Սա է այսօրուան իշխանութիւններուն քարոզած արժեհամակարգին դրսեւորումը», նշած է իրաւապաշտպանը։
Հարկ է նշել, որ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան երկար ժամանակէ ի վեր հրապարակաւ կը քննադատէ Հայաստանի այժմու իշխանութիւնները։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2023