ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն Երեւանէն քաղաքս կ՚այցելեն երեք գիտնականներ՝ Աստղիկ Բալայեան, Թամարա Աղամալեան եւ Կարոլինա Սահակեան։ Անոնք կը մասնակցին վերապատրաստման դասընթացքի մը, որ ուղղուած է նախկին խորհրդային երկիրներու գիտնականներուն։ «Ուսման ու դասաւանդման ժամանակակից մեթոտներ»ուն ձօնուած այս ծրագրին մէջ անոնք կը հանդիսանան Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները։ Նախկին խորհրդային բազմաթիւ երկիրներու շարքին Հարաւային Կովկասէն Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներն ալ կը մասնակցին այս ծրագրին։ Եւրոմիութեան յանուն երկխօսութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս այս դասընթացքները կազմակերպուած են՝ Գերմանիոյ Ակադեմական փոխանակման ծառայութեան կողմէ։

Աստղիկ Բալայեան, Թամարա Աղամալեան եւ Կարոլինա Սահակեան կը մասնակցին Թաքսիմի «Էլիթ ուորլտ» պանդոկի համալիրէն ներս դասընթացքներու, որոնց հիմնական դասախօսն է փրոֆ. Ժան Պըհմ, որ կը դասախօսէ Ուսուցիչներու բարձր մակարդակի վերապատրաստման նիւթերու վրայ, Աւստրիոյ մէջ։

Հարկ է նշել, որ Կարոլինա Սահակեան եւ Թամարա Աղամալեան Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտակրթական միջազգային կեդրոնի աշխատողներ են։ Աստղիկ Բալայեանն ալ Հայաստանի Կրթութեան զարգացման ու նորարարութիւններու ազգային կեդրոնի մասնագէտներէն է։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2023