ԸՍՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՉԷ ԱՐԺԵՒՈՐԱԾ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՉԻ ՅԱՐԳԵՐ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՄԱՍԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն։ Նոր նստաշրջանի բացման փուլին ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ.
«Ատրպէյճան-Հայաստան տեսակցութիւններու գործընթացը ի սկզբանէ խրախուսեցինք։ Բայց եւ այնպէս, կը տեսնենք, որ Հայաստան այս պատմական հնարաւորութիւնը բաւարար չափով չի կրնար արժեւորել։ Մենք կը սպասենք, որ Հայաստան յարգէ իր տուած խոստումները՝ գլխաւորութեամբ Զանգեզուրի միջանցքին բացումը։ Ինչպէս այլեւս բոլորը կ՚ընդունին, Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքն է։ Այս բանէն դուրս կարգավիճակի մը պարտադրանքը բացարձակապէս պիտի չընդունուի։ Մենք Ատրպէյճանի հետ կ՚ընթանանք՝ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսով ու կը խրախուսենք այն քայլերը, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ կ՚առնուին իր տարածքային ամբողջականութեան պահպանման համար։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ժխտական վերջին իրադարձութիւնները կը պախարակեմ եւ կը մաղթեմ, որ տարածաշրջանէն ներս փութով վերջ գտնեն այս իրադարձութիւնները»։
Էրտողան շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, անդորրութեան եւ համագործակցութեան հաստատման ճանապարհին պատմական հնարաւորութիւնը արժեւորելու համար Հայաստանի հետ Թուրքիա սկիզբ դրաւ գործընթացի մը, որու նպատակն էր բարիդրացիական յարաբերութիւններն ու ամբողջական բնականոնացումը։ Էրտողան աւելցուց, որ առաջնահերթ նպատակներէն մին է Ատրպէյճանի տարածքէն ներս բոլորին խաղաղ համակեցութիւնը՝ ներառեալ հայերը։
*
Նախագահ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի երկկողմանի շփումներու շրջանակին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։