«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՅՆ ԻՐ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՏԱՐԱԾՔԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Արցախէն հասած լուրերէն անմիջապէս վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը էթնիք զտումներու ենթարկելու ուղղեալ ցամաքային գործողութեան։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ռազմական գործողութիւններու ներքաշուած չէ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակ չունի», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի բուն նպատակն է Հայաստանը ներքաշել պատերազմի։

Արցախի իրադարձութիւնները արդէն ներքին քաղաքական իմաստով ալ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման թողեցին Հայաստանի այժմու իշխանութիւնները, որոնք կը ջանան դիմագրաւել այդ բոլորը՝ բաւական տկարացած դիրքերով։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երէկ արդէն արտասովոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Հոծ թիւով ցուցարարներ հաւաքուեցան՝ պահանջելով վարչապետին հրաժարականը։ Չափազանց լարուած մթնոլորտին մէջ ոստիկանութիւնը ուժ կիրառեց կառավարութեան շէնքը պաշտպանելու համար։ Իր կարգին, Փաշինեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Տարբեր տեղերէ կը հնչեն կոչեր՝ ընդհուպ մինչեւ Հայաստանի մէջ յեղաշրջում իրականացնելու համար»։

Նիկոլ Փաշինեան երէկ Արցախէն հասած լուրերուն վրայ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Այս վերջինը հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներն ալ երէկ հրաւիրուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրենց տեղեկութիւններ տրուեցան ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ Նիւ Եորքի մէջ խտացեալ շփումներ ունեցաւ՝ Արցախի ենթարկուած յարձակման պայմաններուն ներքեւ։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման առթիւ ան կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, ուր տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի հետ։ Այս վերջինը տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որ նոյնպէս կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։ Միրզոյեան տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանիի հետ։

Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ Ռուսաստանի խաղաղապահները պարտաւորութիւն ունին Լեռնային Ղարաբաղը պաշտպանելու եւ այդ պարտաւորութիւնը չեն կատարեր։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ պաշտպանել միայն իր ինքնիշխան տարածքը։ «Որքան ալ միջազգային հանրութեան ներգրաւում եղած է, մինչեւ այս պահը տակաւին կարելի չէ եղած զսպել Ատրպէյճանը», ըսաւ ան։

Մինչ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը վաղը հրատապ նիստ մը պիտի գումարէ Արցախի իրադարձութիւններուն շուրջ, միջազգային դերակատարները հերթական անգամ կ՚արտայայտեն իրենց դիրքորոշումները։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ճակատագրի վրայ արմատապէս ազդեց Հայաստանի կողմէ 2022-ին եւ 2023-ին, Եւրոմիութեան գագաթաժողովներուն Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքի մաս ճանաչումը»։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը նշեց, որ յարձակումը պէտք է անյապաղ դադրեցուի եւ ինք սերտ կապի մէջ է Փաշինեանի հետ։ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ յորդորեց, որ Ատրպէյճան դադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները։ Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին Պլինքըն նշեց, որ ռազմական լուծում գոյութիւն չունի, կողմերը պէտք է վերսկսին երկխօսութեան։

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանանի Չաֆին ալ յայտնեց, որ իր երկիրը Ղարաբաղը կը համարէ Ատրպէյճանի մաս եւ բնակիչներու իրաւունքներու, անվտանգութեան խնդիրներու լուծումները այս շրջանակին մէջ պէտք է գտնուին երկխօսութեան միջոցաւ։ Ան ընդգծեց, որ Թեհրան պատրաստակամ է «3+3» ձեւաչափով լուծում որոնելու Ղարաբաղեան հարցին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023