ԴԷՊԻ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԱՐԸ

Երէկ արդէն սկսաւ Արցախի հայաթափման վերջին արարը։ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճան ձեռնարկեց «հակաահաբեկչական միջոցառումներու յատուկ գործողութիւններու», որոնց արդէն կը սպասուէր միջոցէ մը ի վեր։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Արցախի հետ շփման գծի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման անցան։ Ժամը շուրջ 13.00-էն սկսեալ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները ծանր հրետանիով եւ ռազմաօդանաւներով, նաեւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով սկսան յառաջ տանիլ գործողութիւնները։ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն շուրջ երեք տարի անց վերստին կրակ տեղալ սկսաւ Արցախի վրայ՝ խլելով նոր մահեր եւ պատճառ դառնալով վիրաւորներու։ Նահատակներու շարքին կան թէ՛ զինուորներ եւ թէ քաղաքացիական անձեր։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ գործողութիւնները կը կատարուին թիրախային՝ Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ծայրայեղ խմբաւորումներուն դէմ։ Արցախի պարագային ողբերգութիւնը անբացատրելի է, զոհերու եւ վիրաւորներու թիւին մասին վիճակագրութիւնները արդէն թէ՛ անիմաստ դարձած են եւ թէ հասկնալիօրէն ոչ-հաւաստի։ Արդէն այսպիսի լայնածաւալ յարձակումներու պարագային անկարելի է, որ խնայուին ժողովուրդն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։

Ամիսներէ ի վեր պաշարուած Արցախի մէջ այսօր ողբերգութիւնը թեւակոխած է բոլորովին այլ հարթութիւն մը։ Ստեփանակերտի եւ միւս շրջաններուն մէջ այժմ արդէն ո՛չ միայն սնունդ չկայ, ժողովուրդը չունի ելեկտրականութիւն, ջուր եւ առօրեայի համար անհրաժեշտ որեւէ բան։ Մարդիկ ապաստանարաններու մէջ կը սպասեն իրենց ճակատագրին, մինչ բնակչութեան տարհանումէն զատ այլ երթ մը արդէն չ՚երեւիր։

Ստեփանակերտի մէջ երէկուընէ ի վեր իրերայաջորդ ժողովներ կը գումարէ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը՝ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի գլխաւորութեամբ։ Նախկին բոլոր նախագահներն ալ կը մասնակցին նիստերուն։ Այս առաւօտ Սամուէլ Շահրամանեան յայտնեց, որ Անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորած է պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, հաւանական զարգացումները։ «Միջազգային դերակատարներու արձագանգը՝ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ անոր յաղթահարման վերաբերեալ, համարժէք չէ եւ որեւէ գործնական քայլ չ՚առնուիր։ Ուստի, Արցախը հարկադրուած կ՚ըլլայ դիմելու համապատասխան քայլերու՝ գերնպատակ ունենալով առաջնահերթօրէն ապահովել բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը», ըսաւ ան։

Պաքուի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը երէկուընէ ի վեր կը տեղեկացնեն, որ հակաահաբեկչական գործողութիւնները կ՚ընթանան նպատակասլաց։ Պաքուի պահանջն է, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը սպիտակ դրօշ պարզէ եւ Ստեփանակերտի՝ անոր կողմէ ապօրինի համարուող ղեկավարութիւնը ինքզինք լուծարէ։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տեղական բնոյթով հակաահաբեկչական միջոցառումները պիտի շարունակուին՝ մինչեւ հայկական ուժերու ամբողջապէս յանձնուիլը։

Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կոչ ուղղեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յարգանք ցուցաբերուի քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի իրաւունքին նկատմամբ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ կոչով մը հանդէս եկաւ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցուին։

Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Պապն ալ այս առաւօտ կոչ ուղղեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրին եւ խաղաղ լուծումներ փնտռուին ի շահ ժողովուրդին։ ժողովուրդին։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023