ԼԵՒՈՆ ԼԱՃԻԿԵԱՆԻ ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Հայաստանէն նկարիչ Լեւոն Լաճիկեան երէկ ցուցահանդէս մը բացաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Սա իր տասներորդ անհատական ցուցահանդէսն է, որու շրջագծով գեղարուեստասէրներուն ներկայացուած են երեսուն գծանկարներ, որոնցմէ տասը կը ցոլացնեն Գնալը կղզիի վերաբերեալ դրուագներ։
Լեւոն Լաճիկեանի ցուցահանդէսը կազմակերպուեցաւ «Ճաշ»ի, «Փարոս»ի եւ «Անատոլու քիւլթիւր»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Ճաշարանի երդիքին տակ ցուցահանդէսի բացման ընդունելութեան ընթացքին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին ձեռնարկին նկատմամբ, որու ընթացքին արտայայտուեցան «Փարոս»ի խմբագիր Մայտա Սարիս եւ Լեւոն Լաճիկեան։ Ներկայ էին նաեւ «Ճաշ»ի սեփականատէր Տայք Միրիճանեան եւ «Անատոլու քիւլթիւր»ի ներկայացուցիչ Թամար Նալճը։ Իր սրտի խօսքին մէջ Լեւոն Լաճիկեան նշեց, թէ Պոլիսը սրտամօտիկ քաղաք մըն է, իսկ Գնալը կղզին պատմականօրէն կարեւոր տեղ մը ունի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
«Հեռաւոր ու մօտիկ Իսթանպուլ» խորագրեալ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Օգոստոսի 1-ը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024