ԱՆՍԱՆՁԵԼԻ ԱՆԿՈՒՄ

Անսանձելի եւ անկասեցնելի անկումը գերեվարած է հայ իրականութիւնը։ Արցախի կազմալուծումը թաւալ-գլոր կ՚ընթանայ, մինչ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ հերթական հրատապ նիստ մը գումարեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Յամենայնդէպս, յանձնուած, պաշարումէ եւ յարձակումներէ վերջ սպիտակ դրօշ պարզած Արցախի պարագային գործնականօրէն ոչինչ փոխուած է։ Արցախի պատանդ դարձած հայ բնակչութիւնը անտէրութեան եւ անորոշութեան ճիրաններուն մէջ է։ Ժողովուրդը ֆիզիքական ոչնչացման լուրջ սպառնալիքներու տակ կը տառապի՝ մթագնած երկինքին տակ։

Արցախի հայութեան տարհանման պահանջները հաշտ աչքով չեն դիտուիր Երեւանի կողմէ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափման քաղաքականութիւն չի վարեր։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, իսկ այսօր առաւօտուն կառավարութեան հերթական ժողովը գումարուեցաւ։ Վարչապետ Փաշինեան այս երկու փուլերէն վերջ ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան երէկ հերքեց այլ ուղղութեամբ լուրերը եւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը Ստեփանակերտ չեն մտած։ Ան ըսաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը թէեւ Արցախէն դուրս գալիք հայերուն համար պատրաստութիւն կը տեսնէ, սակայն հարցը Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալուն մէջ է։ Յամենայնդէպս, ան պնդեց, որ որոշ յոյսեր կան մարդասիրական իրադրութեան բարելաւման համար եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակավայրերու բնակիչները կրնան իրենց տուները վերադառնալու իսկական հնարաւորութիւն ստանալ։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը ընդգծեց շատ մտահոգիչ հանգամանք մը։ Իր խօսքով՝ հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարին, Ատրպէյճանի օրակարգին վրայ մնալ կը շարունակէ Հայաստանը ռազմական գործողութիւններու ներքաշելու հարցը։ Ան հերթական անգամ քննադատեց նաեւ ռուսական կողմը եւ ըսաւ. «Չեմ կարծեր, թէ պէտք է աչք փակենք Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ զօրախումբի ձախողումներուն վրայ։ Եթէ խաղաղապահները կարող էին հրադադարի շուրջ պայմանաւորուիլ, ինչո՞ւ յարձակումէն առաջ չպայմանաւորուեցան»։ Փաշինեան երէկ պնդեց նաեւ, որ իր գնահատականով՝ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ուղիղ սպառնալիք մը չկայ։ Վարչապետը այս առաւօտ ալ կառավարութեան ժողովէն առաջ պնդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները կրնան իրենց տուները վերադառնալու իրական հնարաւորութիւն ունենալ։

Յամենայնդէպս, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ երէկ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ քննարկման ընթացքին բարձրաձայնուած մտահոգութիւնները ուղիղ համեմատութեան մէջ չէին վարչապետին հետ։ Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի նպատակն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտում իրականացնել։ Ըստ նախարարին՝ պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծել, որպէսզի ըլլան ՄԱԿ-ի կողմէ լիազօրուած խաղաղապահ ուժեր, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պիտի ապահովեն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ «Ներկայ բռնութիւնը գագաթնակէտն է այն տասն ամիս շարունակուած շրջափակման ու հարկադիր սովամահութեան, որ կը գործադրուէր Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ», նշեց Արարատ Միրզոյեան։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ ըսաւ. «Մինչ Անվտանգութեան խորհուրդը բանավէճ մը կը կազմակերպէ, հակաահաբեկչական գործողութիւնները աւարտած են եւ գործնական երկխօսութիւն ծաւալուած է Ղարաբաղ շրջանի էթնիք հայ բնակիչներու վերահամարկման շուրջ»։ Այսինքն, Պայրամով ակնարկեց ռուս խաղաղապահներու միջոցաւ ձեռք բերուած հրադադարին եւ Եւլախի մէջ երէկ օրուան սկիզբին Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման։ Հարկ է նշել, որ Պայրամովի ելոյթին ժամանակ Միրզոյեան դահլիճը լքեց՝ որպէս բողոքի նշան։ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ նմանաբնոյթ հարցեր շօշափեց նաեւ իր երկկողմանի շփումներուն ընթացքին։ Այս ամբողջին մէջ մանաւանդ կարեւոր էին իր հանդիպումները Գերմանիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովի ընթացքին Ռուսաստանի ներկայացուցիչը նշեց, որ իր երկրի միջնորդութիւնը այլընտրանք չունի եւ հարցերը պէտք է կարգաւորուին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու պայմանաւորուածութիւններու հիմքով։ «Պէտք է ճանապարհային քարտէս մը մշակենք Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը Ատրպէյճանի սահմանադրական կարգին համարկելու համար։ Այս գործընթացներուն աշխուժօրէն կ՚աջակցին ռուս խաղաղապահները», ըսաւ ան։

Մոսկուայէն ալ երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչեցին։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութեան հիմնական հարցը որպէս այդպիսին լուծուած է եւ զայն լուծած է Հայաստանը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ այս առաւօտ ըսաւ. «Սա կրնայ դաս ըլլալ բոլորին համար, որ միջնորդութեան հարցին մէջ պիտի թեքուի դէպի Արեւմուտք»։

Երէկ, ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդն ալ Վիեննայի մէջ հրատապ նիստով մը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութեան։ Երեւանի մէջ ալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու դեսպանները Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցան։

Իրադարձութիւնները կը շարունակուին կայծակնային արագութեամբ եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին հայկական կողմին տեսակէտէ ամէն ինչ կը դառնայ աւելի ծանր։ Համազգային քաոսի մը մթնոլորտը առկայ է, մինչ Երեւանի մէջ փողոցներն ալ տակնուվրայ են։ Մայրաքաղաքի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքին առջեւ եւ ամբողջ քաղաքի կեդրոնին բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան, բռնութիւններն ու լարուածութիւնները կ՚ահագնանան։ Ինչպէս իշխանութիւնը, այնպէս ալ ընդդիմութիւնը մտահոգութիւնները կը խորացնեն՝ ծանր իրավիճակին բացարձակապէս անհամապատասխան իրենց անհեռանկար ու կործանարար գործողութիւններով։ Ընդդիմութեան կողմէ վերջին օրերուն ստեղծուած Ազգային կոմիտէի գլուխը կը գտնուի Հայաստանի առաջին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան, որ այս առաւօտ յայտնեց, թէ ներկայիս ժողովուրդին մեծամասնութիւնը իրենց կողմնակից չէ, բայց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Փաշինեանի դէմ է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2023