Ա՛Ն ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆՆ Է…
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին ձօնուած Իսթանպուլի յոբելենական ձեռնարկին արձագանգները կը շարունակուին։ Նախընթաց օր «Pera» թանգարանին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթը բառին բուն իմաստով պատմական էր եւ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ վստահաբար երկար ժամանակ պահէ իր թարմութիւնը։ Լի ու լի արդարացած այս նախաձեռնութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձի նախօրեակին։
«Pera» թանգարանի ասուլիսը եւ յաջորդած ունկնդրութիւնը առիթ ընձեռեցին, որպէսզի ձեռնարկի մասնակիցները խորաթափանց պատկերացում մը կազմեն Արամ Խաչատուրեանի անկրկնելի հանճարին մասին, գեղարուեստական կամ մարդկային բոլոր հանգամանքներով հանդերձ։ Շահան Արծրունի ասուլիսի ընթացքին ունեցաւ բովանդակալից ելոյթ մը, որու ընթացքին շեշտը դրաւ Արամ Խաչատուրեանի կողմէ արմատներուն նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան եւ երաժշտական կիրքին վրայ։ «Եթէ Կոմիտաս արդի հայ երաժշտութեան հիմնադիրն է, ապա Արամ Խաչատուրեանն ալ աշխարհի վրայ հայկական մշակոյթին երաժշտական դեսպանն է», ըսաւ ան։ Արծրունի բացատրեց, որ Կոմիտաս անցեալը ուսումնասիրած է, իր պրպտումներով ըրած է հայկական շարականներուն ու ժողովրդական երգերուն ակունքներուն գիւտը, իսկ Խաչատուրեան իւրացուցած է Կոմիտասի կողմէ ի յայտ բերուածները եւ իր անձնական հպումներով անոնք մատուցած է ժողովուրդին։ «Երբ Շէյքսփիրը ընթերցէք, անմիջապէս կը հասկնաք, թէ Շէյքսփիր կ՚ընթերցէք։ Երբ Փիքասոյի կտաւներէն մէկը տեսնէք, անմիջապէս կը հասկնաք, թէ Փիքասոյի գործերէն մէկն է։ Երբ Պախը լսէք, անմիջապէս կ՚անդրադառնաք, որ Պախն է։ Խաչատուրեանն ալ այդպէս է։ Անոր երաժշտութիւնը ունկնդրելէ կարճ ժամանակ անց կ՚անդրադառնաք, թէ ան Խաչատուրեանն է։ Հայկական երաժշտութիւնը Խաչատուրեանի երաժշտութեան ոճին ու բնոյթին տեսակէտէ շատ կարեւոր է։ Եթէ Կոմիտասի երաժշտութիւնը չըլլար, ապա Խաչատուրեան բոլորովին տարբեր երաժշտութիւն մը կրնար արտադրել։ Ան կը պատկանի այն արուեստագէտներու փաղանգին, որու ոճը անմիջապէս կը նկատուի», նշեց Արծրունի։
Եիւքսէլ Քոփտակէլի ելոյթն ալ հաւասարաչափ հետաքրքրական էր, բայց եւ այնպէս, խօսքերէն անդին ան ցոյց տուաւ 1960 թուականին Արամ Խաչատուրեանին կողմէ իրեն ուղարկուած նամակին բնագիրը։ Թէեւ այդ նամակին պատճէնը ձեռնարկի եռալեզու գրքոյկին մէջ տեղ գտած էր, սակայն, Արամ Խաչատուրեանէն մնացած այդպիսի մասունք մը անզէն աչքով տեսնելը անբացատրելի զգացումներ առթեց բոլորին։ Անտարակոյս, Արամ Խաչատուրեանէն աւանդուած ձեռագիր նամակի մը մատուցումը շա՜տ աւելին էր բանախօսութենէ մը կամ զեկուցումէ մը։
Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալ դաշնակահար Շահան Արծրունիի նուագներուն անբացատրելի հմայքը։ Ան թէեւ շատ կարճ յայտագիր մը գործադրեց, սակայն այդ երազային պահերը բաւարար էին կախարդելու համար՝ ասուլիսի դահլիճէն տակաւին նոր դուրս եկած ունկնդիրները։ Դաշնամուրի ստեղնաշարին Արծրունիին կողմէ տրուած իւրաքանչիւր հարուածը կարծես ներկաներու աչքին առջեւ կ՚ուրուագծէր անոր փոխանցած վկայութիւններուն վառ պատկերները՝ Նիւ Եորքի մէջ դաշնամուրի միասնական նուագներէն, բողոքներէն ու գնահատանքներէն սկսեալ, մինչեւ կեանքի վերջին օրերուն Մոսկուայի մէջ, հիւանդանոցի սենեակին մէջ պատրաստած հայկական խաղողի թուփի միսով տոլման։
Ինչպէս ըսաւ Շահան Արծրունի ասուլիսի ելոյթի վերջաւորութեան՝ «Այո՛, ահա ան Խաչատուրեանն էր»։ Եւ յոբելենական ձեռնարկի մասնակիցներն ալ ահա հաղորդ դարձան ա՛ն Խաչատուրեանին, մտորումներու մէջ թաղուեցան անո՛ր հետ ու ներշնչուեցան անո՛վ։
*
Հարկ է նշել, որ ձեռնարկի կարգադիր յանձնախումբին մէջ էին՝ Սէրտա Արսլան, Լենա Ենիեորկան, Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, Գարէն Թերզեան, Սելին Թովմասեան, Լարա Թոքաթլըօղլու, Գարոլին Մամիկոնեան, Լիանա Մարաշլեան, Ազնիւ Մեծատուրեան, Սօնա Մենթեշէ, Նաժտա Շատեան, Սարէմ Շէշէթեան, Դալար Պաղտասարեան, Թալին Սիւզմէ, Թալին Փափազեան, Լեռնա Փափազեան, Արա Գօչունեան եւ Արթիւր Պաղտասարեան։