ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՐԿՈՒԻՆ

Արցախի ժողովուրդին ֆիզիքական գոյութիւնը կը շարունակուի լուրջ սպառնալիքի ենթակայ մնալ՝ հակառակ միջազգային գետնի վրայ հնչած բոլոր յայտարարութիւններուն։ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտօնատարներէն մին այս առաւօտ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը մօտեցած են Ստեփանակերտի արուարձանները, նոյնիսկ կը մտնեն առաջին տուները, ինչ որ սեպտեմբերի 21-ին հաստատուած հրադադարի խախտում կը նշանակէ։ Այդ արուարձաններէն Կրկժանը ներկայիս ամբողջութեամբ դատարկուած է անվտանգութեան բարձր ռիսքերու հետեւանքով։

Երբ դաշտի վրայ կը տիրէ այս առարկայական կացութիւնը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք երէկ յայտնեց, որ Արցախի մէջ համաշխարհային այս կազմակերպութեան խաղաղապահներու հաստատման համար անհրաժեշտ է Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումը։ Պարզ է, որ համաշխարհային առկայ հաւասարակշռութիւններով անկարելի է այդպիսի որոշման մը ընդունուիլը։ Ռուսաստանի խաղաղապահները արդէն սկսած են ստանձնել՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակի զէնքն ու զինամթերքը։ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ խրախուսել, որպէսզի Արցախի հայերը շարունակեն ապրիլ Ղարաբաղի մէջ։ Սա, անշուշտ, մեծ հարցականներու եւ թերահաւատութեան դուռ կը բանայ՝ մինչ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմէն Հիքմէթ Հաճիեւն ալ երէկ տեղեկացուց, որ իր երկիրը պիտի երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով անցքերու պարագային անվտանգութիւնը։

Թէեւ դաշտի վրայ ստեղծուած ծանր կացութիւնը մեղմելու տեսակէտէ որեւէ հաւանականութիւն չկայ, յամենայնդէպս, միջազգային գետնի վրայ դիւանագիտական բուռն շփումները կը շարունակուին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ վերջին օրերուն Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ իրերայաջորդ շփումներ ունեցած էր, երէկ ալ հեռաձայնով զրուցեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Ան հիւրընկալեց Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Քլաար Երեւանէն կը մեկնի Պաքու։ Մինչ այդ, Երեւանի մէջ երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցան Ֆրանսայի եւ Իրանի դեսպանները։

Առկայ տագնապալի մթնոլորտին մէջ դիւանագիտական խտացեալ շփումներու բեմահարթակը կը հանդիսանայ նաեւ Նիւ Եորքը, ուր ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքները կ՚ընթանան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի հետ։ Մինչ այդ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Արցախի մարդասիրական իրավիճակին շուրջ։ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ալ նախօրէին տեղեկացուցած էր իր երկրին աջակցութիւնը՝ Հայաստանի անվտանգութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Միրիանա Սփոլեարիչ Էկկէրի հետ։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ Նիւ Եորքի մէջ նոյն օրակարգով իրերայաջորդ հանդիպումներ կ՚ունենայ։ Իր շփումները ուշադրութեան կիզակէտին են՝ քանի Արցախի ժողովուրդին տեսակէտէ միակ երաշխիքը մնացած է Մոսկուան, որ դաշտի վրայ ունի իր խաղաղապահները։ Սա թէեւ հայկական կողմին տեսակէտէ այլեւս վստահելի գործօն մը ըլլալէ դադրած է, սակայն, առկայ իրավիճակին տրամաբանութիւնը կը պարտադրէ խաղի նման կանոններ։ Լաւրովն ալ Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ Միրիանա Սփոլեարիչ Էկկէրի հետ։ Բաց աստի, ռուս նախարարը մէկտեղուեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Նախօրէին Վլատիմիր Փութինն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Նկատի ունենալով, որ Արցախի վերջին ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ մահացած էր ռուս խաղաղապահ մը, զրոյցի ընթացքին Ալիեւ ցաւ յայտնեց այս դէպքին կապակցութեամբ։ Բացի Փութինէն, Ալիեւ տարածաշրջանի իրավիճակը հեռախօսազրոյցով մը արժեւորեց նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ, որ եւս կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ։

Թուրքիան եւս կը գտնուի այս դիւանագիտական երթեւեկի կիզակէտին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Նիւ Եորքի մէջ նման օրակարգով հանդիպումներ ունեցաւ Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Ֆիտանի զրուցակիցներու շարքին էր նաեւ տարածաշրջանի երկիրներէն Վրաստանի պաշտօնակիցը։ Իսկ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պուրակ Աքչափար առկայ կացութիւնը շօշափեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի հետ։

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Եաքըշ վերջին օրերուն կապի մէջ էր Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Հասան Հասանովի հետ։ Միջազգային լրահոսին մէջ ուշադրութիւն գրաւեց նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներուն կողմէ «Reuters» գործակալութեան կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որու Թուրքիա Արցախի վերջին գործողութիւններուն մասնակցութիւն չէ բերած եւ անոնք ինքնուրոյն յառաջ տարուած են Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ, Եաքըշ յայտնեց, որ Թուրքիա լուրջ չ՚ընկալեր Հայաստան-ԱՄՆ վերջին զօրավարժութիւնները։

Տարածաշրջանի ազդու դերակատարներէն Թեհրանն ալ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն։ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի կրկնեց, որ լարուածութիւնը անընդունելի է։ Իրանական կողմը միշտ կը կրկնէ նաեւ, որ տարածաշրջանէն ներս սահմանները պէտք չէ փոխուին։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ վերջին օրերուն հերթական անգամ տեղեկացուց, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները պէտք է պահպանուին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2023