ՔԱՈՍԻՆ ՄԷՋ ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆ

Թերեւս սպիտակ թերթ մը թողնէի այստեղ՝ այն սիւնակին վրայ, որ արդէն տարիներէ ի վեր կը վարեմ թերթին մէջ։ Ու այդ սպիտակ մարմաջին պատճառը, անշուշտ, Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնն է. բան մը, որուն մասին կը գրէի ամիսներէ ի վեր, այսօր արդէն դարձած է իրականութիւն եւ այդ իրականութիւնը այն է, որ այլեւս չկայ առաջուան Արցախը։ Դէպի ո՞ւր կը տանին իրադարձութիւնները՝ ցարդ յստակ չէ, յայտնի է, սակայն, որ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը, դատական, իրաւական եւ բոլոր պետական կառոյցները պիտի լուծարուին։ Սա կը նշանակէ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը, որուն ճանաչումը անկարելի դարձած էր ապահովել, պիտի լուծարուի եւ այդ անուանումին փոխարէն մէջտեղ պիտի գայ Ղարաբաղը՝ որպէս Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մէկ մասը։ Ի հարկէ, աւելի վաղ այս կարգավիճակին մասին ակնարկութիւններ շատ եղած են՝ յատկապէս տարածաշրջանային եւ միջազգային դերակատարներու կողմէ, բայց, հիմա արդէն այդ խօսքերը, վերագրումները, յայտարարութիւնները այլեւս մտած են դառն ճշմարտութեան փուլ։

Հարկ կա՞յ արդեօք յիշեցնելու, թէ 19 սեպտեմբերին Պաքու ընթացք կու տար ռազմական գործողութեան մը, որուն նպատակն էր (ըստ նախագահ Իլհամ Ալիեւի) Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ առնել Ղարաբաղը։ Աւելի ուշ եւ Պաքուի մէկէ աւելի բանբերներէ լսելի կը դառնար, թէ Ատրպէյճան այդ գործողութեան կը դիմէր՝ նպատակ ունենալով «մաքրել Ղարաբաղը ահաբեկչական խմբաւորումներէ»։ Կազմակերպուած եւ տարբեր ճակատներէ ընթացք առած ռազմական գործողութեան զուգահեռ՝ սարսափելի լուրեր կը հասնէին՝ յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն։ Հարիւրաւոր զոհեր, վիրաւորներ, քաոս ու աւելի ծանրը՝ Արցախի գիւղերէն փախստականութեան մեծ ալիք մը՝ դէպի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ։ Նոյն օրուան երեկոյեան արդէն իսկ պարզ կը դառնար, որ հակառակ կարգ մը շրջաններուն մէջ ցոյց տրուած դիմադրութեան՝ Ատրպէյճանի զօրքերը կարողացած էին արագօրէն ճեղքել Արցախի պաշտպանութեան բանակի կարգ մը կարեւոր պաշտպանական գիծերն ու դիրքերը։ Յաջորդ օրը՝ 20 սեպտեմբերի առաւօտուն դարձեալ մարտական գործողութիւններու մասին լուրեր կը հասնէին. ցաւոտ լուրեր, կորուստներ, տեղահանութիւն եւ այս բոլորը կը յիշեցնէին ոչ-հեռաւոր անցեալի՝ այսինքն 2020 թուականին տեղի ունեցած ծանր պատերազմին ողջ դիպաշարը։

Այդ լուրերը, անշուշտ կերպով մը լարուածութիւն կը յառաջացնէին Երեւանի մէջ ու բոլորը տարուած էին նոյն մտավախութենէն. արդեօք Արցախէն ետք կամ Արցախի դէպքերուն զուգահեռ՝ կրնա՞ր պատահիլ, որ գործողութիւնները դէպի Հայաստան ծաւալուէին։ Այդ մտավախութիւններուն արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ըրաւ շատ կարճ յայտարարութիւն մը՝ տեղեկացնելով, որ երկիրը միջամուխ պիտի չըլլայ ռազմական գործողութիւններուն, հետեւաբար նաեւ պիտի չկարողանայ Արցախի զօրքերու օգնութեան հասնիլ… Միւս կողմէ, Արցախէն ալ լսելի կը դառնար, որ Ստեփանակերտ պաշտօնապէս ընդունած է Պաքուի բոլոր նախապայմանները եւ Հայաստանի ժամով ժամը 13.00-ի դրութեամբ կը յայտարարուէր հրադադար։

Մինչ այդ, շրջանառութեան կը տրուէր տեսանիւթ մը, որուն մէջ Արցախի գործող նախագահն ու բոլոր նախկին առաջնորդները (բացի Ռոպերթ Քոչարեանէն) գլուխ գլուխի տուած էին ու գումարած՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փակ նիստ մը։ Աւելի ուշ պարզ կը դառնար Պաքուի կողմէ առաջ քշուած առաջին նախապայմանը, որն է արագօրէն ամբողջութեամբ լուծարել Արցախի պաշտպանութեան բանակը ու յանձնել բոլոր տեսակի զէնքն ու զինամթերքը՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան։ Բնականաբար, այս նախապայմանին կողքին կային նաեւ այլ պայմաններ, բայց այդ բոլորը արդէն կը դառնային երկրորդական։ Միտք բանին այն էր, որ Ղարաբաղ ճերմակ դրօշակ կը բարձրացնէր եւ այսպէսով ռազմական գործողութիւնները կը դադրէին։ Ճիշդ է, որ կարգ մը շրջաններու մէջ հրետանիի կամ միջին հեռահարութեամբ հրանօթներու կամ նոյնիսկ գնդացիրներու ձայներ կը լսուէին, բայց Պաքու յստակօրէն կը յայտարարէր, որ ռազմական գործողութիւնը աւարտած է եւ Ատրպէյճան հասած է իր նպատակին։

Աւելի ուշ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճան Ղարաբաղը առած է իր տիրապետութեան տակ։ Ալիեւի յայտարարութենէն ետք հերթաբար Թուրքիա եւ Իրան ողջունեցին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը՝ շեշտելով, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանին մաս կը կազմէ եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը միշտ եղած է յարգելի։

Այս բոլորին զուգահեռ, Ռուսաստանէն հնչեցին յայտարարութիւններ, որոնք շատ մեծ հարցումներու դուռ բացին։ Մէկ կողմէ տեղի կ՚ունենար Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը, իսկ միւս կողմէ ու քիչ մը աւելի ուշ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ «բոլոր անոնք, որոնք Արցախի հարցով կը վստահէին այլ կողմերու, ահա այսպիսի ճակատագրի պիտի արժանանան»։ Ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքին, ապա աւելի քան ակներեւ կը դառնար, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի կամ հաւաքական Արեւմուտքի միւս երկիրներու կեցուածքները պիտի արտաբերուէին՝ սոսկ խօսքերով։ «Խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ», «Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պէտք է պահպանուին» կամ «Ատրպէյճանի յարձակումը կը դատապարտենք»ի եւ նման ոճով յայտարարութիւնները, որոնք մինչեւ այս պահը կը շարունակուին, խորքին մէջ ոչինչ կրնան փոխել ստեղծուած նոր կացութեան առումով։

21 Սեպտեմբերին, հովանաւորութեամբ Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան, Արցախի ներկայացուցիչները յատուկ կարգադրութեամբ մեկնեցան Ատրպէյճանի Եւլախ քաղաքը, ուր առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ՝ Ղարաբաղի ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն եւ Պաքուի կողմէ Ղարաբաղի համար նշանակուած մարմնին միջեւ։

Մամուլը շատ քիչ բան գրեց այդ հանդիպման քաղաքական պարունակին մասին։ Միայն յայտարարուեցաւ, որ հանդիպումը եղած էր դրական, քննարկուած են Ղարաբաղի բնակչութեան զանազան կարիքներուն մասին հիմնարար հարցեր։ Արցախի ներկայացուցիչները յայտնեցին նաեւ, որ անվտանգութեան երաշխիքներու հարցին շուրջ համաձայնութիւն մը չէ գոյացած։ Փաստ է, որ ստեղծուած է նոր իրադրութիւն մը եւ Արցախը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Այժմ չկայ նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղը, այլ կայ Ղարաբաղը, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ։

Ճիշդ է, որ շատ դժուար է գրել այս բոլորին մասին, ճիշդ է, որ բաւական լարուած էին անցեալ օրերը, բայց, մեծ հաշուով, քաղաքական վերլուծումներ կատարելու կամ անոնցմէ կամ հաւանական նոր վտանգներն ու ծանր նոր իրադարձութիւնները տեսնելու ընդունակութիւնը կրնան փարատել արցունքներուն անդարմանելիութիւնը։ Աւելի ծանրը այն է, որ դէպի ներս նետուած ցաւը աւելի մեծ ծանրութեամբ կը գլորի դաշոյնի նման, կը խրուի հոգեկան-կրօնական, մշակութային սալիկներով կազմուած մեծ խճանկարին։ Ցաւը կորուստին առջեւ միայն անհատական չէ, այլեւ հաւաքական մեծ ախտերու, սխալ կողմնորոշումներու, կորսուած առիթներու եւ առհասարակ սխալ ընկալումներու ցաւն է։

Պարտութիւնը, որ պարտաւոր է աւելի զգօն դարձնել որեւէ ժողովուրդ, հայոց պարագային նոյնը չըրաւ։ Հայերը դարձան աւելի չարակամ, աւելի անհանդուրժող, աւելի նախանձ եւ աւելի պատեհապաշտ։

Այս բոլորի վկան է անցնող երեք տարիներուն Երեւանի հրապարակներուն վրայ ստեղծուած իրավիճակը։ Չկայ մէկը, չկայ գոնէ մէ՛կ մարդ, որ ճիշդ թարգմանէ առկայ պայքարներուն մեծ բովանդակութիւնը կամ խօսի, անկեղծօրէն խօսի ելքերու, լուծումներու եւ ապագայ ճանապարհներու մասին։ Պէտք է կրկնել, որ խնդիրը միայն Ատրպէյճանի նկրտումները չէ, ոչ ալ Ռուսաստանի ջղայնութիւնը կամ վրէժխնդրութիւնը եւ ոչ ալ Թուրքիոյ Ատրպէյճանին նեցուկ կանգնելու հարցը։ Խնդիրը նոյնինքն հայերն են…։

Ազգովին խաբկանք, ազգովին սուտ, ազգովին յոխորտանք… Անտեսելով Հայաստանի աշխարհագրութիւնը կամ հարեւաններուն ուժն ու ներկայութիւնը՝ մարդիկ միշտ կեղծ, սուտ եւ ստապատիր յորդորներով հանդէս կու գան ու խրատներ շաղ տալով պիտի գովերգեն իրենց հին-նոր յանկերգները։

Սոսկալի օրեր են ու այս օրերը դժուար թէ անցնին կամ ջնջուին հայոց յիշողութենէն ու անկէ անդին՝ եթէ կայ կաթիլ մը մխիթարութիւն, ապա այդ մխիթարութիւնն ալ արցախցիներու կամքն է՝ յատկապէս անոնց, որոնք վճռած են այս նոր կարգավիճակին մէջ շարունակել իրենց կեանքը Ղարաբաղի մէջ։

Տեսնենք…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2023