Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԿՈՒԹԵՐԵՍ ՄՏԱՀՈԳ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի վերջին սրման կապակցութեամբ եւ կոչ ուղղեց՝ խստօրէն պահպանել հրադադարը։ Ան շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որոնք կը մասնակցէին ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։ Կութերես երկու նախարարներուն հետ ալ զրուցելու ժամանակ ընդգծեց հրադադարը խստիւ պահպանելու անհրաժեշտութիւնը՝ անոնց հետ քննարկելով Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։
Մինչ այդ, երկու նախարարները ելոյթներով ալ հանդէս եկան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն՝ արտայայտելով Երեւանի եւ Պաքուի հակադիր մօտեցումները, փոխադարձ ծանր մեղադրանքներով։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2023