Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՏԱՐՀԱՆՈՒՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Շաբաթավերջին Արցախէն դէպի Հայաստան տարհանումը արդէն սկսաւ գործնականօրէն։ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայեան «Reuters» գործակալութեան յայտնեց հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղի էթնիք հայերը կը մեկնին Հայաստան, որովհետեւ չեն փափաքիր ապրիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ու կը վախնան էթնիք զտումներէ։ Մեր ժողովուրդը չ՚ուզեր ապրիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, 99.9 տոկոսը կը փափաքի լքել մեր պատմական հողերը»։ Ան աւելցուց, որ պարզ չէ, թէ Արցախի 120 հազար բնակիչները ե՞րբ պիտի փոխադրուին Լաչինի միջանցքով։
Հայկական լրահոսին մէջ այս առաւօտ հրապարակուեցան տուեալներ, ըստ որոնց ժամը 06.00-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան մուտք գործած է 2906 անձ։
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2023