ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ ՅՍՏԱԿ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՎԱԽՈՒՈՐԱԾ ԾԱՅՐԱԳԱՒԱՌ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ժողովուրդին ուղղեալ կարեւոր պատգամով մը հանդէս եկաւ։ «Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ կատարուած յարձակումներէն ակնյայտօրէն կարելի է եզրակացնել, որ մեր ներգրաւուած արտաքին անվտանգութեան համակարգերը արդիւնաւէտ չեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերու եւ անվտանգութեան տեսակէտէ։ Իրադարձութիւններու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ անվտանգութեան այն համակարգերն ու այն դաշնակիցները, որոնց վրայ երկար տարիներ յոյս դրած ենք, խնդիր դրած են մեր խոցելիութիւնները ի ցոյց դնելու եւ հայ ժողովուրդի անկախ պետութիւն ունենալու անհնարինութիւնը հիմնաւորելու», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ պիտի ձեռնարկեն՝ անկախութիւնը պահելու համար բոլոր միջոցները։ «Այս առումով անհրաժեշտ է վերափոխել, լրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին ու ներքին անվտանգութեան գործիքները՝ համագործակցելով փոխադարձ շահաւէտ քայլերու պատրաստ բոլոր գործընկերներուն հետ։ Մենք այս շարքին մէջ կը դիտարկենք ո՛չ միայն բանակի եւ անվտանգութեան ուժերու խոր ու համապարփակ բարեփոխումները, այլեւ 2022 թուականի հոկտեմբերի 6-ի Փրակի եւ 2023 թուականի մայիսի 14-ի Պրիւքսելի պայմանաւորուածութիւններու իրաւական արձանագրումը, որով Խորհրդային Հայաստանի վարչական սահմանները իրաւականօրէն կը ձեւակերպուին՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմաններ», դիտել տուաւ վարչապետը։

Ներքին քաղաքական առկայ սարսափելի տագնապի մթնոլորտին մէջ Փաշինեան յայտնեց նաեւ հետեւեալը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚ընթանայ ազատ, խաղաղ ու ժողովրդավարական երկիր մը ըլլալու ճանապարհով։ Հայաստանը պիտի ըլլայ ինքնիշխա՞ն, ազա՞տ պետութիւն մը, թէ ոչ վախուորած ծայրագաւառ մը։ Արդէն գրեթէ բաց ու թափանցիկ այս ընտրութիւնը կը դրուի Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին քաղաքական դաշտին մէջ։ Իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է ընտրութիւն կատարէ՝ անկախութեան պաշտպանութեան շարժման մասնակի՞ց է, թէ ոչ ծայրագաւառային հնազանդութեան։ Ես կ՚առաջնորդեմ անկախութեան պաշտպանութեան շարժումը»։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2023