ՄԱՔՐՈՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է»
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Արցախի մէջ Ռուսաստան կը մեղսակցի Ատրպէյճանին, իսկ իր երկիրը կ՚աջակցի հայ ժողովուրդին։
Նախագահ Մաքրոն «TF1» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուած է։ «Ֆրանսա այսօր շատ ուշադիր է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցին մէջ, որովհետեւ այդ մէկը վտանգուած է։ Պէտք է ուղիղ ըսենք. այսօր ունինք Ռուսաստան, որ կը համագործակցի Ատրպէյճանի հետ, Թուրքիա, որ միշտ կ՚աջակցի անոր գործողութիւններուն եւ անկաշկանդ ուժ, որ կը սպառնայ Հայաստանի սահմաններուն», ըսաւ ան։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ Մաքրոն անդրադարձաւ նաեւ Արցախի կացութեան. «Վերջին օրերուն մենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անընդունելի յանցագործութիւններու եւ պատերազմական գործողութիւններու ականատես դարձանք։ Փոքրամասնութիւններու՝ մասնաւորապէս քրիստոնեաներու իրաւունքները ամբողջութեամբ խախտուեցան։ Որպէսզի այս բանին շարունակութիւնը թոյլ չտան, մենք պիտի շարունակենք շարժման անցնիլ մարդասիրական մակարդակով, որպէսզի օգնենք Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան եւ անոնց հասցնենք սնունդ ու մարդասիրական օգնութիւն»։