ՊԱՅՏԸՆԷՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած գոյաբանական մարտահրաւէրները աննկարագրելի համեմատութիւններու հասած են՝ մինչ Արցախի բնիկ հայերը դատապարտուած են լքելու իրենց պապենական հայրենիքը, իսկ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ներքին քաղաքական վերահաս տագնապի մը բոլոր ազդանշանները օրէ օր կը յստականան։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ երէկ Երեւան այցելեցին համաշխարհային երկու հակադիր բեւեռներէն՝ Ուաշինկթընէն եւ Մոսկուայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սեմենթա Փաուէր եւ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յանձնեցին նախագահ Ճօ Պայտընի պատգամը։ Երեւան այցելեց նաեւ Ռուսաստանի ներքին գործոց նախարար Վլատիմիր Քոլոքոլցեւ, որ եւս ընդունուեցաւ Փաշինեանի կողմէ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հրապարակեցին Պայտընի կողմէ Փաշինեանին ուղարկուած նամակին ամբողջական պաշտօնական թարգմանութիւնը։ Այսպէս, Պայտըն նշած է հետեւեալը՝ լաւագոյն մաղթանքները յղելով Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ. «Այս տարի, երբ կը նշենք այս վեհ առիթը, մենք նաեւ կը սգանք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք հայերու մահը։ Ես խնդրած եմ Սեմենթա Փաուէրէն՝ իմ դահլիճի կարեւորագոյն անդամներէն մէկէն անձամբ ձեզի փոխանցել Միացեալ Նահանգներու եւ իմ վարչակազմի ուժեղ աջակցութիւնը Հայաստանի ձգտման դէպի արժանապատիւ եւ կայուն տարածաշրջանային խաղաղութիւն, ինչ որ կ՚երաշխաւորէ ձեր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը։ Հայաստան ցոյց տուած է իր հաւատարմութիւնը այդ նպատակին՝ ներգրաւուելով Ատրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ իրականացնելով կարեւոր տնտեսական բարեփոխումներ, բարելաւելով կառավարութեան հաշուետուողականութիւնը եւ ամրապնդելով ժողովրդավարական հաստատութիւնները։ Կը վստահեցնեմ ձեզ, թէ ԱՄՆ կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին երկրէն ներս ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ ձեր հարեւանութեամբ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն մէջ։ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու է աշխատիլ ձեր կառավարութեան հետ՝ հասցէագրելու վերջին բռնութիւններէն բխած մարդասիրական կարիքները, որոնք տիկին Փաուէր ձեզի հետ մանրամասնօրէն կը քննարկէ։ Մենք նաեւ կը շարունակենք ամրապնդել մեր համագործակցութիւնը ուժանիւթի զանազանութեան, դիմակայունութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ, ինչպէս ցոյց տուին մեր վերջին զօրավարժութիւնները։ Հայաստանի հարուստ պատմութիւնը ամէնուրեք ոգեշնչած է ազգերն ու մարդոց՝ ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան։ Իսկ ամերիկահայ համայնքը կը շարունակէ ուժի աղբիւր մնալ իմ սեփական երկրին մէջ։ Կը յուսամ յառաջիկայ տարի շարունակել, ա՛լ աւելի խորացնել եւ ամրապնդել մեր պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերը»։
Մինչ Պայտընի այս պատգամը քաղաքական ուշագրաւ ակնարկութիւններ եւ բանաձեւումներ կը բովանդակէ, երէկուան շփումներուն զուգահեռ՝ Սեմենթա Փաուէրն ալ Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը պատասխանեց նաեւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հարցման, թէ ԱՄՆ ի՞նչ լծակներ ունի՝ զսպելու համար Ատրպէյճանի հաւանական նոր ոտնձգութիւնը։ «Ուաշինկթըն բաւականաչափ միջոցներ ունի իր տրամադրութեան տակ, ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքին մէջ բարձր մակարդակներով քննարկումներ կ՚ընթանան, թէ որոնք պիտի ըլլան համարժէք քայլերը։ Այստեղէն ետք, Ուաշինկթըն պիտի տանիմ պատգամներ եւ մտահոգութիւն, որոնք լսած եմ բոլոր մարդոցմէ, որոնց հետ այսօր հանդիպած եմ Հայաստանի մէջ՝ կապուած ապագայ հաւանական բռնութիւններու հետ», ըսաւ ան։
Փաուէր յայտնեց, որ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը կը շարունակէ մնալ Ուաշինկթընի օրակարգին վրայ։ «Հասկնալի է, որ վերջին իրադարձութիւնները թերահաւատութիւն յառաջացուցած են քաղաքական քննարկումներուն դէմ, սակայն ԱՄՆ-ի եւ իր գործընկերներու պատգամը կը մնայ նոյնը՝ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը. բան մը, որուն կը ձգտի նաեւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը», նշեց ան։
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըրն ալ հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։ Ըստ իրեն, շատ կարեւոր է, որ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպին ու ի վերջոյ կամրջեն իրենց երկիրներուն միջեւ առկայ անջրպետը։ «Պէտք է ըլլայ միջազգային առաքելութիւն մը, որպէսզի տեղւոյն վրայ ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», ըսաւ բանբերը։
Հարկ է նշել, որ Մոսկուա հրապարակաւ անհանգստութիւն կ՚արտայայտէ Ուաշինկթընի քայլերէն։ «ԱՄՆ-ին կոչ կ՚ուղղենք՝ զերծ մնալ ծայրայեղ վտանգաւոր խօսքերէ կամ գործերէ, որոնք պատճառ կը դառնան Հայաստանէ ներս հակառուսական տրամադրութիւններու արհեստական աճին», յայտնեց Ուաշինկթընի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Անթոնով։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միւս կողմէ, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ երկրորդ հանդիպումը։ Հաղորդուեցաւ, որ նման երրորդ հանդիպումը նախատեսուած է Ստեփանակերտի մէջ։