ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԸՖԶԸ ԹՈՓՈՒԶ

Թրքական մտաւորական աշխարհը երէկ ցնցուեցաւ ծանր կորուստով մը. ոչ եւս է Հըֆզը Թոփուզ, որ կեանքէ հեռացաւ 100 տարեկան հասակին։ Հըֆզը Թոփուզ մտաւորական աշխարհէ ներս վառ անհատականութիւն մըն էր, լրագրող-հրապարակագիր, սակայն բաւական ծաւալուն իմաստով։ Հրապարակագրական գործունէութիւններուն առընթեր, ան թրքական մամլոյ պատմութեան վրայ ունէր խոր ուսումնասիրութիւններ։ Հրատարակած էր բազում գիրքեր, նաեւ երկար տասնամեակներ պաշտօնավարած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնէն ներս, Փարիզ։ Մշակութային առումով Թուրքիոյ կողմէ իսկական դեսպան մըն էր, միջազգային բեմահարթակի վրայ հեղինակաւոր դէմք մը, որ իր կարողութիւններով կը ներկայացնէր երկիրը։

Հըֆզը Թոփուզ մամլոյ պատմութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած գիրքերուն մէջ տեղ տուած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին՝ մանաւանդ, որ ծանօթութիւն ունէր թերթիս ընտանիքի երէցներէն, մեր լուսահոգի աւագ խմբագիր Մարտիրոս Գօչի հետ։ Այդ վկայութիւնները փոխանցած էր՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձի շրջանին իր ներկայութեամբ կազմակերպուած ասուլիսի մը ժամանակ, որ յոբելենական ծրագրին մաս կազմած էր։

Հարկ է նշել, որ Հըֆզը Թոփուզի կողակիցը՝ Նեզիհէ Թոփուզ անցեալի մէջ՝ որպէս անգլերէնի ուսուցչուհի պաշտօնավարած էր Մխիթարեան վարժարանին մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2023