Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԷՆ ԳՐԱՌՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ կարճ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ շատ ամփոփ խորհրդածութիւն մը ընելով երկրի առկայ քաղաքական իրադրութեան շուրջ։ Թէ՛ «ilur.am» կայքէջին եւ թէ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառման մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան յայտնեց հետեւեալը.
«Թէեւ մեր ազգին բաժին ինկած ողբերգութեան համար Հայաստանի իշխանութիւններէն հաշիւ պահանջելու իրաւունքը կը մնայ ուժի մէջ, ես կը գնահատեմ վերջին օրերուն ընդդիմութեան կողմէ մեր երկրի ներքին քաղաքական իրավիճակը ա՛լ աւելի չսրելու տրամադրութիւնը։ Այսօր թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ ընդդիմութեան ոչինչ պէտք է շեղէ՝ արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ արժանապատիւ կեանքով ապահովելու համազգային խնդրէն»։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2023