ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԱՐՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ԹԻՒԸ ՀԱՏԵՑ 100 ՀԱԶԱՐԻ ՇԵՄԸ
Արցախը արդէն վերջնականօրէն հայաթափուած է։ Ըստ Երեւանի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած պաշտօնական վիճակագրութեան, Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն թիւը հատած է 100 հազարի շեմը։ Թէեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս 1 յունուար 2024 թուականին պիտի լուծարուի, սակայն, անոր բնակչութիւնը արդէն դատարկուած է։ Հայկական լրահոսին մէջ աչքի կը զարնէ, որ Արցախի նախկին նախագահները՝ Արքատի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան եւս անցած են Հայաստան։ Նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Դաւիթ Պապայեան ձերբակալուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Լեռնային Ղարաբաղի այժմու նախագահը՝ Սամուէլ Շահրամանեան տակաւին Ստեփանակերտի մէջ է, խումբ մը պատասխանատուներու հետ։ Ան տեղւոյն վրայ կը մնայ այնքան ժամանակ, մինչեւ չաւարտին վերջին պատերազմի եւ վառելանիւթի պահեստի պայթումի հետեւանքով զոհուածներու աճիւններու եւ կորսուածներու որոնողափրկարարական աշխատանքները։
Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի վաղը հիւրընկալել Փարիզէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ պիտի այցելէ նաեւ տեղահանեալներուն։ Այսպէս, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա վաղը շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։ Անցեալ ամիս կարգ մը աղբիւրներ պնդած էին, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն պիտի այցելէր Հայաստան, սակայն, այդ մէկը տեղի չունեցաւ։ Այժմ կը հաղորդուի Քոլոննայի այցելութեան մասին։ Ֆրանսացի նախարարին շփումները պիտի զուգադիպին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ յառաջիկայ օրերուն Կրանատայի մէջ նախատեսուած հանդիպման ճիշդ նախօրեակին՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ եւ Մաքրոնի, նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ։
Քոլոննայի այցելութեան ընդառաջ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւն ալ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի պաշտպանական կարիքները։ Անդրադառնալով երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ առկայ սպառնալիքներուն՝ ան ըսաւ, որ Մաքրոն անձամբ կը հետեւի այս հարցին։ Ան թէեւ հաւանական չնկատեց Ֆրանսայի կողմէ ռազմական միջամտութիւն մը, սակայն, շեշտեց, որ իրենք կը դիտարկեն Հայաստանի պահանջները։ «Ես ինքզինքս կը համարեմ առաջին ռազմական նախարարը, որ այսքան շատ շփում ունեցած է իր հայ պաշտօնակցին հետ։ Մենք Հայաստանի մէջ բացած ենք պաշտպանական առաքելութիւն, որ մինչեւ այսօր գոյութիւն չէր ունեցած։ Սա թոյլ կու տայ ամենօրեայ երկխօսութիւն վարել հայկական բանակի, հայկական իշխանութիւններուն հետ՝ մասնաւորապէս անհրաժեշտ պարագային ուսումնասիրել անոնց կարիքները», ըսաւ Լըքորնիւ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ երէկ շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Անցեալ շաբաթ Եւրոպայի մէջ ունեցած շփումներէն վերջ, ան տեսակցեցաւ Իրանի անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ։ Այս վերջինը համոզուած է, թէ տարածաշրջանէն ներս որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն պատճառ պիտի դառնայ անկայունութեան ու տագնապի սրման։ Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ ստեղծուած իրավիճակին հետեւանքները։ Անոնք կարեւորեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը։
Իր կարգին, Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի միջազգային հարցերով խորհրդականը՝ Ալի Աքպար Վելայէթի եւս յայտնեց, որ տարածաշրջանէն ներս աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները իր երկրին համար կարմիր գիծ են։