ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ
Ներկայիս բազում մարդիկ այս կամ այն կերպով կ՚օգտագործեն ընկերային ցանցերը: Թէեւ այս օգտագործումը ինքնին վնասակար չէ եւ ընկերային ցանցերը երբեմն կրնան օգտակար ըլլալ, բայց կարեւոր է հասկնալ, որ անոնք ուղղակի կապ ունին բազմաթիւ խնդիրներու եւ վտանգներու հետ, ներառեալ ճնշուածութիւնը, անհանգստութիւնը, առանձնութիւնը եւ այլն:
Հասկնալով հաւանական վտանգները՝ կարելի է թէ՛ յաղթահարել խնդիրները եւ թէ օգնել ուրիշներուն: Մարդիկ ընկերային ցանցերը կ՚օգտագործեն զանազան պատճառներով՝ գիտակցելով հանդերձ անոնց վնասները: Այս պատճառները զանազան են եւ կը տարբերին նաեւ ըստ իրավիճակի: Ընկերային ցանցերու շարունակական օգտագործման ուշագրաւ պատճառներէն մին է այն ըմբռնման բացակայութիւնը, թէ ամէն ինչ պէտք է չափաւոր ըլլայ: Աւելի՛ն, որոշ իրավիճակներու մէջ մարդիկ գիտեն, թէ անոնք վնասակար են, սակայն պատշաճ ուշադրութիւն չեն դարձներ այդ վնասներուն եւ չեն փոխեր իրենց վարքագիծը։
Այնուամենայնիւ, բազում մարդիկ հոգեբանօրէն պայմանաւորուած են ընկերային ցանցերով, համացանցային լրատուամիջոցներով. անոնք կը շարունակեն օգտագործել զանոնք՝ գիտնալով հանդերձ, որ վատ է իրենց համար։ Օրինակ, ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ կը շարունակեն Դիմատետրի օգտագործումը՝ հակառակ անոր, որ ան զիրենք կը ստիպէ վատ զգալ։
Բաց աստի, այլ ուսումնասիրութիւններ եւս ցոյց կու տան, որ ընկերային ցանցերու օգտագործումը կապուած է «յետամնացութեան վախի» հետ, որ յատկապէս նկատելի է այն անհատներու մօտ, որոնք «պատկանելիութեան զգացումի» աւելի մեծ կարիք ունին եւ անոնք աւելի յաճախ կ՚օգտագործեն համացանցային հարթակներ՝ քան այլ մարդիկ։
Կան բազմաթիւ գործօններ, որոնք կը ստիպեն մարդիկ օգտագործել նշեալ հարթակները՝ նոյնիսկ երբ չեն ուզեր: Օրինակ, եթէ անձի բոլոր ընկերները կ՚օգտուին ընկերային հարթակէ մը, տուեալ անձը, բնականաբար, կ՚ուզէ օգտագործել զայն՝ պարզելու համար, թէ ի՛նչ կ՚ընեն իր ընկերները: Նման իրավիճակային գործօն կը հանդիսանայ ընկերային ցանցերու բարձր հասանելիութիւնը: Ընդհանուր համատեսքին մէջ կան բազմաթիւ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ մարդիկ կ՚ուզեն օգտուիլ ընկերային ցանցերէն՝ ընկալելով հանդերձ անոնց վնասները։ Այս պատճառները կը ներառեն անոնց օգտագործման հետ կապուած ռիսքերու անտեղեակութիւնը, հոգեբանական դրութիւնները եւ իրավիճակային գործօնները։
Ընկերային ցանցերու օգտագործումը կրնայ նաեւ մարդիկ աւելի խոցելի դարձնել վտանգներու դէմ։ Օրինակ՝ մարդիկ, որոնք չեն ցուցադրեր իրենց իսկական «ես»ը սոյն հարթակներու վրայ եւ կը փորձեն իրենք զիրենք «վերստեղծել» առցանց, կը բախուին աւելի շատ խնդիրներու (օրինակ՝ առանձնութիւն)։ Թէեւ ընկերային ցանցերու մէջ գրեթէ բոլորիս կը թուի, թէ շատեր կատարեալ կեանք կ՚ապրին, սակայն պէտք է հաշուի առնել այն հաւանականութիւնը, թէ սա իրական չէ եւ այդ մարդիկ կը ներկայացնեն իրենց իտէալական կամ կեղծ տարբերակը:
Այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ ընկերային ցանցերու կրաւորական ձեւով օգտագործումը աւելի շատ կապուած է հոգեկան առողջութեան խնդիրներու հետ՝ բաղդատմամբ աշխուժօրէն օգտագործողներուն: Բացայայտուած են նաեւ բազմաթիւ գործօններ, որոնք կապուած են ընկերային ցանցերու օգտագործման արդիւնքով խնդիրներու յառաջացման հետ:
Եթէ վստահ չէք ընկերային ցանցերու բացասական ազդեցութիւններէն, կրնաք մտածել, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ կ՚օգտագործէք զանոնք եւ ի՛նչ կը զգաք անոնց օգտագործման ժամանակ։ Եւ փորձեցէք բացայայտել հաւանական խնդիրները, նաեւ կրնաք դուք ձեզի հարցեր տալ այս կապակցութեամբ, գաղափարներ ստանալ ձեր ընկերներէն կամ մասնագէտէ մը օգնութիւն պահանջել:
Ընկերային ցանցերու հետ կապուած խնդիրներէն խուսափելու համար կարելի է նուազեցնել անոնց օգտագործումը՝ կիրառելով զանազան մեթոտներ. ինչպէս՝ ընկերային ցանցերու հասանելիութիւնը սահմանափակելը եւ այլընտրանքային գործողութիւններ գտնելը: Կարելի է նաեւ օգտագործել զանոնք աւելի դրական ձեւով՝ պարզապէս զգոյշ ըլլալով: Որքան շատ խնդիրներ ունենանք ընկերային ցանցերու օգտագործման պատճառով եւ որքան լուրջ ըլլան անոնք, այնքան աւելի խնդրայարոյց կ՚ըլլայ անոնց օգտագործումը եւ առկայ հարցերու լուծումը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 12/03/2024