ՊԶՏԻԿ ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ ՀԱԼԷՊԷՆ
Այսպիսի գրութիւնները կրնան դասակարգուիլ զանազան տեսակաւորումներով. օրինակ՝ յուշագրութիւն, տպաւորական գրութիւն, ճամբորդական մտորումներու կամ յուշագրութեան ժանրով գրութիւն… եւ այլն:
Ես այստեղ զայն կոչեցի դրուագ, բայց թողլով ընթերցողի ընկալումէն բխող ընտրութեան մը հնարաւորութիւնը եւ միաժամանակ յաւակնելով պատեհ կամ անպատեհ առիթի մը ապաւինելով. ստեղծել կամ երանգաւորել ոճ մը, որ կըր-նայ միշտ հին կամ նոր, դասակարգուած կամ ազատ համարուիլ:
*
Հալէպի, Պէյրութի եւ հայկական բոլոր գաղթօճախներուն մէջ ապրողները վստահաբար ունին կամ ունեցած են հայկական կառոյցներուն մէջ ծառայող ազգականներ, որոնք եղած են թաղական, դպիր, հոգաբարձու, խնամակալ եւ այլն։
Այսօր մեզի ծանօթ ու մեր արտայայտութեամբ՝ ազգային-մշակներէն մէկուն հանդիպեցանք (ողորմած ընկերոջս աներհայրը): Իսկապէս կարօտցած էի մեր «ազգայինները» եւ եթէ վերյիշենք մեր հայկական գաղթօճախներու պատմութիւնը կամ ինչպէս ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդի որբանոցներէն ելած տղոց ու աղջիկներուն ջանքերով հիմնուած հայկական եկեղեցիները, դպրոցներն ու ակումբները, ապա կը նկատենք, թէ ոսկեայ շաղախի պէս այդ ազգային-մշակ կերպարներու անձնուրաց գործին արգասիքով յառաջացաւ նոյն այդ քարեղէն ու ոգեղէն արժէքականութիւնը, որ կը կոչուէր հայկական կեանք, հազարաւոր ծառայողներ։ Այդ ծառայողներէն մին Անդրանիկ Ծառուկեանն էր եւ անոր մեծ գործին՝ «Սփիւռքի տասնամեակներ»ուն մէջ շատեր անմահացած են: Մեր նուիրատուներուն, բարերարներուն եւ գրողներուն կողքին ազգային մեր կեանքին մէջ այդ ծառայողները անյայտ զինուորներ էին (եւ տակաւին են), որոնք սփիւռքի կազմաւորման, հայութեան եւ Հայաստանին օգտակար դառնալով թէ՛ պահեցին մեզ եւ թէ մեծ նուաճումներ իրագործեցին:
Անձնապէս երբ կ՚երեւակայեմ այդ մթնոլորտը, նուիրումը, ջերմութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու կեանքի ոճը, որոնք ստեղծուած էին Հալէպի մէջ՝ նոյն այդ «ազգայիններով», ուր ազգանուէր գործի կողքին կար մարդկային բարձրագոյն առինքնող ու պայծառ կատարելութիւն մը, կը համակուիմ իւրայատկութեամբ, գեղեցկութեամբ եւ կարօտալի ջերմութեամբ: Եւ ինծի կը թուի, թէ այդ վիճակն ու փայլուն կենցաղը հաւաքական կեանքի բարձրագոյն ըմբոշխնում ու առաքելութիւն մը ունի իր մէջ եւ ապրումի ձեւաւորման ամենափափաքելի ուղի ու տարազ կու տայ մարդուն։ Եւ կը կարծեմ՝ նոյնիսկ շատ մը զարգացած ու կայացած ընկերութիւններու մէջ չկայ այդ լուսաւորութիւնը եւ ապրուստի ու ծառայութեան իւրացուած այդ բաղձանքն ու վեհութիւնը:
Տեղ մը այդ նուիրեալներուն գործէն ու ոգիէն է, որ կը ծլարձակէր հայկականութիւնը՝ անկախ անոնց Հայաստանին հեռու կամ մօտիկ ըլլալուն։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024