ԵԶԱԿԻ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ

Երէկ, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց։ Այսպէս, Հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր առաջին անգամ բոլորովին նոր եկեղեցի մը կառուցուեցաւ եւ այդ մէկուն պաշտօնական բացումը երէկ տեղի ունեցաւ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ։ Այսպէս, Եշիլգիւղի մէջ կառուցուած ասորի ուղղափառ համայնքի Մոր Էֆրեմ (Սուրբ Եփրեմ) եկեղեցւոյ բացման հանդիսութիւնը համախմբեց թէ՛ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր եւ թէ քրիստոնէական աշխարհէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողքին էին՝ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ, ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ, ԱՔ կուսակցութեան վերնախաւէն Էֆքան Ալա, Էօմէր Չելիք, Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ այլ բարձրաստիճան դիւանակալներ։

Համաքրիստոնէական ընտանիքէն ալ ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչներ մասնակցեցան պատմական հաւաքոյթին։ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին առընթեր, բացման հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի ներկայացուցիչը, որ փութացած էր Վատիկանէն։ Այսպէս, Սրբազան Պապը ներկայացուց Վատիկանի Սուրբ Աթոռի Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի հետ։

Բոլոր ներկաները դիմաւորուեցան եւ հիւրընկալուեցան Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտին կողմէ, որու կողքին էր ասորի համայնքի եկեղեցական վարչութեան ատենապետ Սաիտ Սուսին։ Ներկայ էին նաեւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մետրապոլիտները։

Այս եկեղեցւոյ հիմնարկէքը եւս կատարուած էր նախագահ Էրտողանի կողմէ եւ բացումն ալ երէկ տեղի ունեցաւ իր հովանաւորութեամբ։ Ասորի համայնքէն մանուկներ ներկաներուն համար խմբերգներով հանդէս եկան, մինչ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց։

Նախագահ Էրտողանն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս աղօթատեղիի կառուցման ծրագրի ի կատար ածուելուն կապակցութեամբ։ Մերձաւոր Արեւելքի հրատապ իրադարձութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ ան խօսեցաւ նաեւ Իսրայէլ-Պաղեստին վերջին արիւնալի դէպքերուն շուրջ։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա բոլոր ջանքերը կը գործադրէ բախումներու կասեցման համար։ Ան յիշեցուց, որ արդար խաղաղութիւնը չ՚ունենար պարտուող, կորսնցնող։ «Որքան ատեն, որ Պաղեստինի խնդիրը պիտի չլուծուի, տարածաշրջանը կարօտ պիտի մնայ խաղաղութեան», ըսաւ Էրտողան՝ կարեւորելով երկու պետութիւնով լուծման հեռանկարին պահպանումը։

Նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման կրօնական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկային։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023