ԻՒՆԻՍԷՖ-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՀԱԶԱՆԳ

Արցախի հայաթափման ծանր հետեւանքները կը բիւրեղանան զանազան երեսակներով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ են այն աւելի քան 30 հազար երեխաները, որոնք ստիպուած իրենց տուներէն փախած են երկու շաբաթ առաջ՝ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով։ ԻՒՆԻՍԷՖ մասնագիտական զգուշացումով մը հանդէս եկաւ անոնց պարագային։ Արդարեւ, առանց անյապաղ աջակցութեան՝ անոնց հոգեկան առողջութիւնը կրնայ վատթարանալ։

Այն ընկերային պաշտօնեաները, որոնք կ՚աշխատին ԻՒՆԻՍԷՖ-ի հետ, յատուկ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն՝ վերջին շաբաթներուն իրենց տուները լքած երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ։ Արցախէն տարհանուելով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած երեխաներուն մօտ կը նկատուին սուր հոգեբանական ընկճախտի ախտանշաններ։ Կը հաղորդուի, որ որոշ երեխաներ մեկուսացած են բոլորէն, դարձած են անհաղորդ, անկարող են արտայայտել իրենց զգացումները եւ ըմբռնել պատահածը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2023