ՊԱՏԻՒՍ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐԱՑ
CNR-ի համալիրէն ներս կազմակերպուած Իսթանպուլի Ոսկերչութեան տօնավաճառը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ մեր համայնքի երէց սերունդի արծաթագործ վարպետներէն Նշան Մուրատօղլուի մեծարման բերումով։ Այսպէս, «Istanbul Jewelry Show» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս ան արժանացաւ «Վարպետներուն յարգանք 2023» մրցանակին։ 84-ամեայ վարպետը, որ իր կալուածէն ներս հեղինակութիւն մը կը համարուի, այս առթիւ բոլորի ջերմ ծափողջոյններուն արժանացաւ ու շրջապատուեցաւ աննախընթաց սիրով։ Նշան Մուրատօղլուի մրցանակը յանձնեցին՝ Թուրքիոյ Գոհարեղէններու արտածողներու միութեան նախագահ Պուրաք Եաքըն եւ փոխ-նախագահ Այհան Կիւնէր։ Պարգեւը յանձնելու ժամանակ անոնք դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցան յայտնի վարպետին մասին։ Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ կարճ տեսանիւթեր, որոնք կը ցոլացնէին վարպետին կեանքն ու գործունէութիւնը։
Նշան Մուրատօղլու, որ աւելի քան 70 տարիէ ի վեր արծաթագործութեան ասպարէզին մէջ կ՚աշխատի, հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ խորապէս տպաւորուած ու զգացուած։ Ան ըսաւ, որ 13 տարեկանէն ի վեր կ՚աշխատէր եւ այս ասպարէզը ամէն ինչէ աւելի կը պահանջէ մեծ սէր ու նուիրում։ Նշան Մուրատօղլու բոլորին յորդորեց սիրել իրենց ասպարէզը եւ յայտնեց, որ մտադրած է աշխատիլ մինչեւ իր կեանքին վերջը։
Հանդիսութեան ընթացքին մթնոլորտը հետաքրքրական էր այն առումով, որ բոլորը կը ծափահարէին Նշան Մուրատօղլուի վաստակը, անցած ճանապարհը, իսկ ան իր սրտի խօսքին մէջ կը շեշտէր, որ ինք տակաւին կ՚աշխատի եւ գործող վարպետ մըն է։
Հարկ է յիշեցնել, որ Նշան Մուրատօղլու եղած է այն տիրական վարպետներէն, որոնք ո՛չ միայն որակ ու մակարդակ սահմանած են, այլեւ պայմանաւորած՝ Գոց շուկայի հայկական յաւակնոտ աւանդութիւնները։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Գոց շուկայի երիցագոյն սիւներէն Նշան Մուրատօղլուն, որուն համար եզակի ուրախութիւն էր մրցանակը ստանալ ներկայութեամբ իր որդւոյն՝ Ռոպէր Մուրատօղլուին, որ նոյնպէս կը հետեւի իր ճանապարհին։ Նշան Մուրատօղլու Իսթանպուլի մէջ ծնած է 1939 թուականին։ Թէեւ ընդհանրապէս ծանօթ է ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններով եւ հետեւողականութեամբ, սակայն մտերիմները գիտեն նաեւ, որ ան տիպար ընտանեկան հայր մըն է, տասնամեակներէ ի վեր գուրգուրացած է զաւակներուն եւ թոռնիկներուն վրայ, նաեւ շատ համեստ ու լռելեայն ձեւով միշտ իր նպաստը բերած է համայնքային կեանքին։