ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՇՔԵՔ ՉԻ ՄԵԿՆԻՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի չմասնակցի ԱՊՀ-ի Պիշքեքի գագաթաժողովին։ Երէկ վարչապետը ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Ան հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ ըրաւ կարեւոր յայտարարութիւններ, որոնք Երեւանի կողմէ Պաքուին հասցէագրուած պատգամներ կը բովանդակէին՝ մանաւանդ յառաջիկայ շաբթուան մէջ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ նախատեսուած ժամադրութեան ընդառաջ։ Պրիւքսելի ժամադրութեան սեմին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդի դերակատարութեան պայքարն ալ վերստին սաստկացած է Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի միջեւ, որոնք փոխադարձ մեղադրանքներով հանդէս կու գան։ Ուաշինկթընէն ալ հնչեց այս կապակցութեամբ արձագանգ մը, ըստ որու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միակ նպատակն է Հայաստան-Ատրպէյճան տեւական խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովումը։
Պրիւքսելի հանդիպումէն առաջ Ալիեւ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միշելի հետ։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի պատկանող ութ գիւղեր կը գտնուին Հայաստանի հակակշռին տակ։ Այս խօսքերէն անմիջապէս վերջ, երէկուան հարցազրոյցին ժամանակ Փաշինեանն ալ յայտնեց, որ Հայաստանն ալ ունի նման հարց մը՝ ութ գիւղեր, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Հարցազրոյցին մէջ վարչապետը խօսեցաւ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքին մասին. բան մը, որուն յամառօրէն հետամուտ են Անգարան եւ Պաքուն։ «Մենք ոեւէ մէկուն որեւէ խոստում չենք տուած այն թերմիններու շրջանակներուն մէջ, զոր կ՚օգտագործուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ», ըսաւ ան։
Բոլոր քաղաքական բազում մեկնաբաններ կը շեշտեն, որ տարածաշրջանի առկայ անվտանգային միջավայրը լուրջ վտանգներու յղի է Հայաստանի տեսակէտէ։ Փաշինեան-Ալիեւ Պրիւքսելի ժամադրութեան ընդառաջ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն կը խօսուի նաեւ «3+3» ձեւաչափի վերաշխուժացման ու գործնականացման մասին։
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ այցելեց Շուշի՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հրաւէրով՝ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին մասնակցելու համար։ Ֆիտան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Ալիեւ Շուշիի երէկուան ժողովին ընթացքին նշեց, որ պատմական պայմաններ ստեղծուած են Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար։ Իր կարգին, Էլմար Մամետեարովն ալ ըսաւ. «Հայաստան պէտք է ընտրութիւն կատարէ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ իր հարեւաններուն դէմ ապօրինի ու անհիմն տարածքային պահանջներու միջեւ»։ Ուստի, ան շատ կարեւոր կը համարէ միջազգային հանրութեան դերակատարութիւնը Հայաստանի ռէօվանշի փորձերուն աջակցութիւն ցոյց չտալու առումով։
Նախարարին այցելութեան զուգահեռ՝ Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւիլ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանէն կ՚ակնկալէ բանականութիւն եւ իրականութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն՝ ուղղուած խաղաղութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճման։ Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտած են իր խօսքերը, ըստ որոնց Թուրքիա պատրաստ է յարաբերութիւնները քայլ առ քայլ զարգացնել, եթէ Հայաստան կատարէ Զանգեզուրի միջանցքի բացման վերաբերեալ իր խոստումները։ Էրտողան կոչ ուղղեց Իրանին, որպէսզի մասնակցի այդ պատմական նախագծին, ինչ որ ճանապարհ պիտի հարթէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղեալ քաղաքական ու տնտեսական քայլերու համար։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Եաքըշն ալ հերթական անգամ խօսեցաւ այս մասին։ «Ատրպէյճանի բանակին կողմէ առնուած՝ երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղեալ օրինական քայլերը կը խրախուսենք։ Այժմ Հայաստան-Ատրպէյճան մշտական խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ նոր հնարաւորութեան դուռ մը եւս բացուած է։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանն ալ վարուի այս գիտակցութեամբ», ըսաւ ան։