ՅՈԲԵԼԵԱՆ ՈՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ երէկ բացուեցաւ «Հոգու հայելի» յոբելենական ցուցահանդէսը, որ ձօնուած է անմոռանալի նկարիչ ու քանդակագործ Յակոբ Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին։ Հակառակ առկայ բոլոր մտահոգութիւններուն ու թոհուբոհին, Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը հանրային կարծիքին անուշադրութեան չմատնուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ հռչակաւոր վարպետի շուրջ 100 ստեղծագործութիւնները. օրինակ՝ գեղանկարներ, քանդակներ, կրաֆիքներ, որոնք կեանքի զանազան փուլերուն արտադրուած են անոր կողմէ։ Առաջին հայեացքով պարզ, հողեղէն գոյներով այդ ստեղծագործութիւնները կ՚արտացոլեն երախտաշատ վարպետի մտահոգութիւնները, տրամադրութիւնը, բնաւորութիւնն ու աշխարհընկալումը։ Ժամանակագրական յաջորդականութեան եւ ոճային բազմազանութեան սկզբունքով նախատեսուած է այս ցուցահանդէսը, որու այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան տեսնել Յակոբ Յակոբեանի թէ՛ լաւագոյն գործերը եւ թէ անցումային փուլերու աշխատանքները։ Ցուցահանդէսը համադրած Մարկարիթա Խաչատրեան յաջողած է ապահովել, թէ «Հոգու հայելի»ն ցոլացնէ նկարչի բնաւորութիւնն ու ապրումները։ Այս ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած Յակոբ Յակոբեանին գործերը ի մի բերուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Ժամանակակից արուեստի թանգարանի, ինչպէս նաեւ մասնաւոր հաւաքածոներէ։ Յամենայնդէպս, առիւծի բաժինը նկարչի ընտանիքին կողմէ տրամադրուած է։ Արդարեւ, Յակոբեաններու ընտանիքի հաւաքածոյէն աւելի քան 70 աշխատանք ընդգրկուած է ցուցահանդէսին մէջ։

«Ցուցահանդէսի առանցքային ստեղծագործութիւնն է «Մարդը եւ բոյսը» կտաւը, որ նկարչի անցումային շրջանի աշխատանքներէն է։ Յակոբ Յակոբեան այդ գործը սկսած է Եգիպտոսի, աւարտած է Հայաստանի մէջ։ Կտաւին մէջ կծկուած մարդու կերպարն է, անոր տառապանքը, որուն զուգահեռ մենք կը տեսնենք ափերու մէջ ծլարձակած բոյսի կտորը, որ կեանքի սկիզբը, շարունակութիւնը կը խորհրդանշէ», յայտնած է Մարկարիթա Խաչատրեան՝ ցուցահանդէսի բացման առթիւ «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ժամանակ։

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէնուհի Մարինա Յակոբեան յիշեցուց, որ երկրի իրավիճակին հետեւանքով ցուցահանդէսի բացումը քանի մը անգամ յետաձգուած է։ Ան համոզուած է, թէ մշակոյթը, արուեստը այն լծակներն են, որոնցմով հնարաւոր է զարթօնք ապրիլ, կանգնիլ, պայքարիլ ու յաղթանակ կերտել։ «Յակոբեան 20-րդ դարու երկրորդ կէսի, 21-րդ դարասկիզբի առանցքային արուեստագէտներէն է եւ պատահական չէ, որ ցուցադրութեան գլխաւոր նկարը «Մարդը եւ բոյսը» աշխատանքն է, որովհետեւ ան շատ արդիական է նաեւ այսօր։ Այստեղ թէ՛ մարդը եւ թէ բոյսը կը խորհրդանշեն մարդու եւ բնութեան, մարդու եւ կեանքի փոխյարաբերութիւնները։ Կը կարծեմ, բոլորս մեծագոյն պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնենք մեր եւ շրջակայ աշխարհին, մեր եւ բնութեան, մեր եւ այլ մարդոց հետ փոխյարաբերութիւնները ճիշդ կառուցելու գործին մէջ», նշեց տնօրէնուհին։

«Հոգու հայելի» ցուցադրութիւնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ ինչպէս Յակոբ Յակոբեանի ընտանիքին, այնպէս ալ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան։ Յակոբ Յակոբեանի արուեստի ձեւաւորման ակունքներուն կը գտնուին կեանքի անձնական ընկալումները։ Ստեղծագործական երկար տարիներու ընթացքին մարդը՝ որպէս նիւթ մշտապէս յուզած է նկարիչը, կեանքի տարբեր փուլերուն մէջ կենցաղային կամ այլաբանական կողմերէ զայն ներկայացնելու կերպով հանդերձ։ Ան փնտռած է նաեւ այլ ուղիներ՝ ազատագրուիլ երկչափ հարթութենէ, անշունչը շնչաւոր դարձնել։ Յակոբ Յակոբեան կարողացած է գեղարուեստական միջավայր ներմուծել ուրոյն գունամտածողութիւն, ոճական ու գեղագիտական սկզբունքներ, որոնք ընդունուած ու հաստատուած են իբրեւ այլընտրանքային մտածելակերպի դրսեւորում՝ ձեւաւորելով իւրօրինակ պատկերային մտածողութիւն։

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի 4 սրահներուն մէջ տարածուած այս մեծ ցուցահանդէսի բացման պատուոյ հիւրն էր երջանկայիշատակ նկարչի կողակիցը՝ Մարի Յակոբեան, որ պայծառ հայեացքով կը հետեւէր ցուցասրահներու անցուդարձին։ Ան բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ կը կարեւորէ սէրը, որովհետեւ սէրը մարդուն մեծ ուժ կու տայ։ Մարի Յակոբեան հոգելոյս ամուսնոյն բոլոր աշխատանքները թանկ կը համարէ։ Մինչ բոլոր ներկաները, յայտնի բազում արուեստագէտներ Մարի Յակոբեանը շնորհաւորեցին ցուցահանդէսի բացման առթիւ, ան «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ժամանակ ըսաւ. «Եթէ տասն երեխայ ունենաս, մէկը միւսին նման չ՚ըլլար եւ դուն իւրովի կը սիրես տասն ալ։ Ստեղծագործութիւնները ծնած են տարբեր զգացական պահերու, տարբեր ապրումներու ընթացքին։ Ես բոլոր նկարներու ստեղծման ներկայ եղած եմ։ Մենք շատ երիտասարդ ամուսնացած էինք ու երկար ապրած ենք եւ ինձ համար հարազատ են բոլոր գործերը։ Ես կը սիրեմ Յակոբ Յակոբեանի արուեստը, զայն բարձր կը գնահատեմ ո՛չ միայն որպէս իր կինը, այլեւ որպէս անհատ, արուեստասէր։ Ան բացառիկ մարդ էր. ազնիւ, մաքուր, հայրենասէր, իր ժողովուրդի մասին անընդհատ մտածող ու անոր համար տառապող»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023