ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿՈՒՄԸ…
Արցախի նորընտիր նախագահ Շահրամանեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 1 յունուար 2024-ին պաշտօնապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Սարսափելի ծանրակշիռ յայտարարութիւն մըն է իր ուսերուն վրայ առածը։ Եւ արդեօք իր ընտրութեան օրը կը գիտակցէ՞ր, որ իրեն պիտի վիճակէր այդ մեծ պատասխանատուութիւնը։ «Պատիւ» մը, որ իրեն պարտադրուեցաւ Արցախի ռուսամէտ ճակատին կողմէ (Բակօ Սակահեան, Արքատի Ղուկասեան, Ռուբէն Վարդանեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններ՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, Ազգային դեմոկրատական եւ «Արդարութիւն»), որոնք ստիպեցին, որպէսզի Արայիկ Յարութիւնեան հրաժարի ու խորհրդարանը նոր նախագահ մը ընտրէ։ Ընտրութիւն մը, որ աւելի զայրացուց Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք առանց տատամսումի սեպտեմբերի 19-ին յարձակումի անցան եւ երկու օրուան մէջ պարտադրեցին Արցախի իշխանութիւններուն անձնատուութիւնը եւ հանրապետութեան լուծարումը։
Ռուս խաղաղապահ առաքելութեան անգործութիւնը մեծ հարուած էր հայ-ռուսական պատմական ու ռազմավարական յարաբերութիւններուն։ 2020-ի պատերազմէն ասդին Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա բացայայտ դաշինք մը գործած է Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն դէմ, ինչ որ աւելի շեշտուեցաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմէն ետք՝ յատկապէս Ռուսաստանի դէմ կիրարկուած պատիժներուն պատճառով։ Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս քննադատեցին ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանը՝ դաշնակցային իր ռազմական պարտականութիւնները չկատարելուն համար։
Արցախի Հանրապետութեան անկումով նոր էջ մը կը բացուի հայութեան համար, որ 32 տարի ապրեցաւ Արցախի անկախացման յոյսով։ Արցախը պիտի դառնար Հայաստանի Հանրապետութեան թիկունքը եւ արդարութիւնը պիտի հաստատէր հայերու դարաւոր անիրաւուած վիճակին։ Սակայն պատահեցաւ ճիշդ հակառակը. 32 տարուան աշխատանքը, պայքարը, երազանքը փուլ եկաւ։ 32 տարուան անվտանգային համակարգը չարդարացաւ։ Եւ այս իրավիճակին գլխաւոր մեղաւորը ո՛չ Ռուսաստանն է, ո՛չ Արեւմուտքը, ո՛չ Իրանը, ո՛չ իսկ Թուրքիան կամ Ատրպէյճանը։ Այս իրավիճակին պատասխանատուն հայութիւնն է, Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնը, անոնց միամտութիւնը, մեծամտութիւնը, անփութութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, անհամերաշխութիւնն ու քաղաքական տհասութիւնը, անցեալէն դասեր քաղելու, պատմական սխալերը չկրկնելու անկարողութիւնը։
Ուքրայնայի վրայ յարձակումը սրեց աշխարհաքաղաքական պատերազմը Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ, ինչ որ իր անմիջական անդրադարձը ունեցաւ Կովկասի տարածաշրջանին վրայ եւ յատկապէս՝ Արցախի ու Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին՝ մինչ տակաւին 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի վէրքերը չէին դարմանուած։
Այս իրավիճակին մէջ ամենէն ճակատագրականը հայկական ներքին քաղաքական տհասութիւնն է ու անհամերաշխութիւնը, ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ քաղաքական ուժերու թշնամութիւնը։ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութեամբ նորերուն եւ հիներուն միջեւ արդէն յստակօրէն գծուած էր սահմանը, ուր Ռուսաստանի իշխանութիւններուն բարեհաճիլը եւ Արցախի անկախութեան հարցը առանցքային դարձած էին իշխանութեան եւ ընդդիմադիր ուժերու միջեւ վէճերուն մէջ։ Զարմանալիօրէն, հայութեան մէջ (…) սպառնալիքին դիմաց իրարու թիկունք կանգնիլը, զօրակցիլը բնազդի չէ վերածուած, վտանգին դիմաց զիրար պաշտպանելու ջիղը մեռած է։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի
Հարթակ
- 11/30/2024