ՀԱՄԱՀԱՒԱՔ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ բացուած «Հոգու հայելի» ցուցահանդէսին արձագանգները կը շարունակուին։ Անմոռանալի նկարիչ ու քանդակագործ Յակոբ Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին ձօնուած այս ցուցահանդէսը լայնօրէն լուսաբանուած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Ցուցահանդէսը համադրած Մարկարիթա Խաչատրեան Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի թղթակից Գոհար Յակոբեանին յայտնած է, թէ սա համահաւաք ցուցադրութիւն մըն է, որ լիակատար կը ներկայացնէ հեղինակը։

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս բացուած մեծ ցուցահանդէսը արդէն կը համախմբէ հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ։ Ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը նորովի դարձած է մշակութասէր հասարակութեան ժամադրավայրը։

«Յակոբ Յակոբեան այն բախտաւոր երեւելի արուեստագէտներէն մին է, որու արուեստը ընդունուած է հայրենադարձ ըլլալէ վերջ, թէեւ ամբողջութեամբ այլընտրանքային մտածելակերպով արուեստագէտ մըն էր ու կարծրատիպային արդէն հաստատուած աւանդութիւններէն բոլորովին տարբեր՝ յատկապէս, որ այն ժամանակ կար 60-ականներու հզօր դպրոցը։ Յակոբ Յակոբեան այն միջավայրին մէջ նորութիւն էր, բայց ամբողջութեամբ ընկալուեցաւ ու դարձաւ հայ կերպարուեստի առանցքային դէմքերէն մին», դիտել կու տայ Մարկարիթա Խաչատրեան։

Միւս կողմէ, «Հոգու հայելի» յոբելենական ցուցահանդէսի բացման շրջանակներէն ներս ներկայացուեցաւ՝ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ թողարկուած «Յակոբ Յակոբեան-100» արծաթէ յուշադրամը, որու դիմերեսին պատկերուած է մեծանուն վարպետին «Մարդը եւ բոյսը» կտաւը (1963), իսկ դարձերեսին՝ լուսահոգի նկարիչ ու քանդակագործ Յակոբ Յակոբեան կ՚երեւի իր արուեստանոցին մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023