ՆՈՐ ՎԻՃԱԿ

Թուր­քիա նուրբ հա­ւա­սա­րաշ­ռու­թիւն­ներ հա­շուի կ՚առ­նէ իր տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ։ Քա­նի մը տա­րիէ ի վեր երկ­րի սահ­ման­նե­րուն վրայ ստեղ­ծուած է ծայր աս­տի­ճան մտա­հո­գիչ ի­րադ­րու­թիւն մը։ Ոչ միայն ար­տա­քին, այլ նաեւ ներ­քին ա­ռու­մով խնդրա­յա­րոյց կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծուած է երկ­րին տե­սա­կէ­տէ։ Մար­դա­սի­րա­կան բո­լոր հե­տե­ւանք­նե­րուն կուրծք տա­լու զու­գա­հեռ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն միշտ փոր­ձեց ըլ­լալ ու­շա­դիր՝ տա­րած­քաշր­ջա­նի յա­րա­փո­փոխ ի­րադ­րու­թիւնն ալ նկա­տի առ­նե­լով։ Մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ դժուար թէ գտնել եր­կիր մը, ո­րու դիր­քո­րո­շու­մը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն 100 տո­կո­սով հա­ւա­սա­րակշռուած վի­ճակ մը ու­նե­-նայ։ Թուր­քիան ալ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այդ վե­րի­վայ­րում­նե­րուն փո­խա­րէն վե­րա­պահ գտնուե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը պի­տի զգար իր մոր­թին վրայ։

Այս բո­լո­րը նժա­րի վրայ դնե­լով Թուր­քիա ա­ռաւ վճռա­կան քայլ մը։ Ան վերջ­նա­կա­նօ­րէն դիրք գրա­ւեց իր դաշ­նա­կից­նե­րու կող­քին եւ իր քայ­լը փո­փո­խու­թեան կրնայ են­թար­կել նաեւ մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 24, 2015