ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ՉԿԱՅ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի Եւ­րո­պա­յի ու Եւ­րոա­սիոյ հար­ցե­րով փոխ-նա­խա­րա­րի օգ­նա­կան Է­րիք Ռա­պին յայ­տա­րա­րեց, թէ իր եր­կի­րը կը բա­ցա­ռէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան ռազ­մա­կան լու­ծու­մը։ Ըստ ի­րեն, հիմ­նախն­դի­րը եր­բեք չ՚ու­նե­նար ռազ­մա­կան լու­ծում մը։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի «BROOKINGS» հաս­տա­տու­թեան մօտ տե­ղի ու­նե­ցած իր ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ԱՄՆ-ի Պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեան ը­սաւ, թէ իր երկ­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան ար­դար, խա­ղաղ, տե­ւա­կան ու բո­լոր կող­մե­րու հա­մար շա­հա­ւէտ կար­գա­ւոր­ման վրայ։ Ըստ ի­րեն, յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար պէտք է գե­րա­կա­յէ այս մօ­տե­ցու­մը։ «Գո­յու­թիւն չու­նի ա­ւե­լի լաւ լու­ծում մը, մնա­ցեալ­նե­րը այն­քան սար­սա­փե­լի են, որ նոյ­նիսկ չ՚ար­ժեր զա­նոնք դի­տար­կել։ Չկայ ու եր­բեք պի­տի չըլ­լայ ռազ­մա­կան լու­ծում մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին հա­մար», ը­սաւ Էրիք Ռա­պին։

Նոյն ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը ընդգ­ծեց, թէ ժա­մա­նակն է, որ­պէս­զի կող­մե­րը վե­րա­հաս­տա­տեն յա­ռա­ջըն­թա­ցի հաս­նե­լու հա­մար ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու նուի­րուա­ծու­թիւ­նը։ Ան չման­րա­մաս­նեց, որ սա ար­դեօք պէտք է ըլ­լայ կող­մե­րու յայ­տա­րա­րու­թեա՞մբ, թէ նա­խա­գահ­նե­րու հեր­թա­կան հան­դիպ­ման ձե­ւով։ Այ­դու­հան­դերձ, յա­ռա­ջըն­թա­ցին նկատ­մամբ նուի­րուա­ծու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­մը ան նկա­տեց անհ­րա­ժեշտ։ «Սա դիւ­րին չէ եւ այդ կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու հա­մար եր­կու կողմն ալ պէտք է ո­րոշ ընտ­րու­թիւն մը կա­տա­րէ, սա եր­կու կող­մե­րուն հա­մար ալ բարդ է եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով տա­կա­ւին չենք հա­սած կար­գա­ւոր­ման», ա­ւել­ցուց Ռա­պին։

Յա­մե­նայն­դէպս, ԱՄՆ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ միւս եր­կիր­նե­րը պատ­րաստ են հնա­րա­ւոր ա­մէն ինչ ը­նե­լու՝ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար։ Բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէ­տը ա­ւել­ցուց նաեւ, որ հա­կա­մարտ կող­մե­րը պէտք է ձեռն­պահ մնան բռնու­թիւն­նե­րէ։ «Մեր կար­ծի­քով, չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է, որ­պէս­զի կող­մե­րը ա­մէն ձե­ւով զերծ մնան ի­րա­վի­ճա­կը սրե­լէ, այս­պէ­սով, դէպ­քե­րէ խու­սա­փի­լը վճռա­կան հարց մըն է», հա­մո­զուած է Ռա­պին։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Է­րիք Ռա­պին ա­ւել­ցուց, թէ ա­մե­րի­կեան կող­մը Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սը կը դի­տար­կէ որ­պէս ա­ռեւ­տու­րի եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­պա­գայ կեդ­րոն։ Ո­ւա­շինկ­թըն պատ­րաստ է ա­ջակ­ցիլ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ տնտե­սա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման, ծրագ­րին մէջ բո­լոր եր­կիր­նե­րու ներգ­րաւ­ման պայ­մա­նով։ «Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ այդ տես­լա­կա­նի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար ան­շուշտ անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի մաս­նակ­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նի ե­րեք եր­կիր­նե­րը։ Ռա­պի­նի խօս­քե­րով, տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը հե­ռու է բնա­կա­նոն ըլ­լա­լէ եւ կա­րիք ու­նի խոր­քա­յին բա­րե­լաւ­ման։ «Տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կար­գա­վի­ճա­կը ա­նըն­դու­նե­լի է ու ոչ բնա­կա­նա­բար ինչ­պէս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, այն­պէս ալ, կը կար­ծեմ, Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի ե­րեք եր­կիր­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար», մատ­նան­շեց ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը, որ որ­պէս վեր­ջին տա­րի­նե­րու լուրջ ձեռք­բե­րում մատ­նան­շեց Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս հա­մա­ձայ­նե­ցուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ինչ որ թոյլ կու տայ հաս­նե­լու ա­ւե­լի մեծ ար­դիւնք­նե­րու։

«BROOKINGS» հաս­տա­տու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րէն Ֆիո­նա Հիլզն ալ յայտ­նեց, թէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հաս­նե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ամ­րապն­դել ոչ թէ պաշ­տօ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ո­րոշ կող­մե­րու մի­ջեւ կը բա­ցա­կա­յին կամ սա­ռե­ցուած են, այլ ան­պաշ­տօն՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։ Վեր­լու­ծա­բա­նին կար­ծի­քով, տա­րած­քաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը պատ­րաստ են հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու, ի տար­բե­րու­թիւն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։ «Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ մեր հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին մենք լսե­ցինք, որ տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներն ու գոր­ծա­րար­նե­րը կը փա­փա­քին այ­լընտ­րանք­ներ ու­նե­նալ։ «Ա­նոնք չեն փա­փա­քիր զար­գաց­ման միայն մէկ տար­բե­րա­կի մը գե­րի դառ­նալ, այլ կը փոր­ձեն օգ­տա­գոր­ծել աշ­խար­հի վրայ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Հիլզ։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015