ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչ ու բարերար Կիրակոս Գույումճեան հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ քաջալերելու համար նոր սերունդը՝ մանաւանդ խրախուսելու անոր կրթական վերելքը։ Կիրակոս Գույումճեանի ջանքերով հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը վերջերս յատկացուեցաւ խումբ մը հալէպահայ ուսանողներու, որոնք լիսէէն շրջանաւարտ եղան։ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որու ընթացքին 12-րդ դասարանի պետական աւարտական քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված հայ ուսանողները պարգեւատրուեցան։ Յայտագրի տեւողութեան բոլոր ատենախօսները երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան Կիրակոս Գույումճեանի հետեւողական ներդրումներուն մասին։

Իր կարգին, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Եպսկ. Աշգարեանն ալ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21, 2023