ՔԵՍԱՊԷՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹ…

Սուրիոյ Քեսապ հայկական աւանը միշտ ալ ուշադրութեան կեդրոնին է։ Այդ երկրին մէջ պատերազմի շրջանին, բոլոր գիւղերուն նման Քեսապ ալ անմասն չմնաց ծայրայեղականներու յարձակումներէն: Բարեբախտաբար, այսօր Քեսապ վերագտած է իր կենսունակութիւնը եւ կրկին կը հիւրընկալէ հայ պատանիները: Բայց եւ այնպէս, զբօսաշրջութիւնը կը տառապի եւ որոշ նահանջ կ՚արձանագրէ: Ի դէպ, աւելի մօտէն հասկնալու համար Քեսապի ընդհանուր դրութիւնը՝ արաբերէնէ թարգմանաբար կը ներկայացնենք սուրիահայ լրագրող Սարգիս Գասարճեանի յօդուածը աւանի ներկայ իրավիճակին մասին, որ լոյս տեսած է Լիբանանի «Ալ Նահար» պարբերականին մէջ։

*

Սուրիոյ զբօսաշրջային Քեսապ գիւղաքաղաքը բազմած է Աքրա լերան լանջին եւ անոր անտառներուն մէջ, սուրիական-թրքական սահմանին մօտ։

Աշխարհագրական գունեղ դիրքը Քեսապը դարձուցած էր ո՛չ միայն Սուրիոյ քաղաքացիներուն համար սիրելի վայր, այլեւ՝ արաբական աշխարհի զբօսաշրջիկներուն, որոնք մինչեւ Սուրիոյ պատերազմին սկսիլը (2011թ.) մեծ թիւերով կ՚այցելէին Քեսապ։

Բացի իր գեղեցիկ բնութենէն եւ զբօսաշրջային գրաւչութենէն, Քեսապ առանձնայատուկ տեղ ունի սուրիահայերուն համար, հաշուի առնելով, որ այն ​​Սուրիոյ սակաւաթիւ գիւղերէն է, ուր հայութիւնը մեծամասնութիւն կը կազմէ: Քեսապ այսօր Սուրիոյ մէջ միակ հայկական գիւղը մնացած է, որովհետեւ տագնապի ընթացքին միւս գիւղերու հայութիւնը տեղահանուած եւ գաղթած է, ինչպէս՝ Ղընեմիէի եւ Եագուպիէի հայերու պարագային, որոնք լքեցին իրենց տուները այդ շրջաններուն մէջ ծայրայեղականներու աշխուժացումէն ասդին։

Քեսապի հայութիւնը կը հպարտանայ, թէ իր գիւղաքաղաքը տեսած է գաղթի ամենէն քիչ հոսքը համեմատատած այլ քաղաքներու. օրինակ՝ Հալէպին, որ հակառակ իր մշակութային հարուստ ժառանգութեան եւ դերին, ենթարկուեցաւ մեծ տեղահանումի։

Քեսապի հայութեան ներկայացուցիչներէն Կարօ Մանճիկեանի կարծիքով՝ քեսապցիներու նուազ գաղթի պատճառը գիւղական կեանքի բնոյթն է ու անոր հոգեբանական ու տնտեսական առաւելութիւնները։ Մանճիկեան, որ բազմաթիւ հայալեզու թերթերու մէջ յօդուածագիր է, մեր հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Ով որ ծառ կը տնկէ, դժուար թէ լքէ իր ծառը, իմ ծառերը ինծի պէս ծերացած են, բայց անոնք ինծի պէս կառչած են հողին ու յամառօրէն կը պայքարին պայմաններուն դէմ։ Գիւղական կեանքի առաւելութիւնը այն է, որ արտը կ՚օգնէ օրապահիկիդ ծախսերուն: Քեսապի բնակիչներէն շատեր այժմ իրենց տուներու շրջակայքը կը ցանեն բանջարեղէն եւ անհրաժեշտ բոյսեր ու կ՚օգտուին իրենց բերքէն՝ ըլլայ այդ վարունգ, լոլիկ, հազար, ազատքեղ եւ այլն»:

Քեսապի բնակիչներուն մեծ մասը կը զբաղի պտղատու ծառերու մշակումով, իսկ նոր սերունդը աւելի կ՚ուզէ աշխատիլ զբօսաշրջութեամբ: Երբ պատերազմի պատճառով Հալէպի արդիւնաբերական տարածքները դուրս ելան Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութենէն, հայերէն շատեր, որոնք կ՚աշխատէին մեքենաներու առեւտուրով, սկսան գաղթել դէպի աւելի կայուն քաղաքներ. ինչպէս՝ Լաթաքիա, Թարթուս եւ Դամասկոս, կամ նոյնիսկ՝ այլ երկիրներ. ինչպէս՝ Լիբանան, Հայաստան, եւրոպական երկիրներ եւ Գանատա: Քեսապի բնակիչներն ալ 2014-ի մարտին ստիպուած եղան հեռանալու իրենց գիւղէն՝ «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի եւ ծայրայեղական խմբաւորումներու գիւղաքաղաք մտնելէն ասդին:

Թէեւ նոյն տարուան յունիսին Սուրիոյ բանակը յաջողեցաւ քաղաքը կրկին վերահսկողութեան տակ առնել, բայց Քեսապ վերադարձող բնակիչներուն թիւը առաջուան վիճակին չվերադարձաւ։

Գիտաշխատող Սեւան Ասատուրեան իր «Քեսապ շրջանի հայութեան վիճակագրութիւն 2006-2007» (Գիրքը տպուած է հայերէն լեզուով 2010-ին) գիրքին մէջ կը գրէ, թէ 2006-2007 թուականներուն Քեսապի եւ շրջակայ ինն գիւղերուն մէջ տեւական բնակիչներուն թիւը 1350 էր, բացի այն բնակիչներէն, որոնք ձմրան կը տեղափոխուէին Լաթաքիա կամ Հալէպ՝ խոյս տալով Քեսապի սաստիկ ցուրտէն կամ լրացնելու համար ընտանիքներու երիտասարդ անդամներուն ուսման պահանջները։

Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ գիւղաքաղաք ապաստանած են նաեւ հայեր, Ռաքքայէն, Իտլիպէն եւ Հալէպէն՝ հասցնելով բնակիչներու թիւը աւելի քան 1500-ի, մինչդեռ այսօր հաշուարկները ցոյց կու տան, որ այդ թիւը նուազած է եւ հասած մինչեւ 800-ի:

Քեսապ կը համարուի սուրիահայութեան ամենէն նախընտրելի զբօսաշրջային վայրերէն մին։ Այտնեղ կան տասնեակ հանգիստի վայրեր եւ բնակավայրեր, որոնք կը պատկանին հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, որոնք կ՚ընդունին երեխաներ եւ պատանիներ, սկաուտներ եւ մարզական խումբերու անդամներ՝ Դամասկոսէն, Հալէպէն եւ նոյնիսկ հիւսիս-արեւելքի Գամիշլիէն, ամառնային արձակուրդի օրերուն։

Քեսապ ժամանող հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկները կը նպաստեն գիւղաքաղաքի տնտեսութեան աշխուժացման, գիւղատնտեսութեան, հիւրանոցներուն եւ ճաշարաններուն, գիւղական ապրանքներ վաճառող խանութներուն, նոյնիսկ փոքր արհեստներուն. ինչպէս՝ վարսավիրութեան, ինքնաշարժներու նորոգութեան եւ այլն:

Սակայն այս տարուան զբօսաշրջային եղանակը ակնկալուածէն քիչ էր, ըստ քաղաքի բազմաթիւ բնակիչներուն, որոնք դժգոհած են այս տարուան զբօսաշրջիկներու թիւի նուազումէն։:

Ըստ բնակիչներուն՝ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման օրը, որ կը նշուի ամէն տարի օգոստոսի կէսերուն, աւանդական տօներէն է, որ կը գրաւէ ​​զբօսաշրջիկները, որոնք կը նախընտրեն վայելել այս տօնի մթնոլորտը Քեսապի մէջ՝ անկախ անոնց կրօնական տարբերութենէն:

Զբօսաշրջութեան եկամուտներու ազդեցութիւնը ոչ միայն սահմանափակուած է հաստատութիւններու եւ արհեստներու վրայ, այլ նաեւ իր հետքը կը ձգէ գրեթէ իւրաքանչիւր տունի վրայ:

Ութսունամեայ այրի Ում Ռաֆֆին (ինչպէս արաբները կը կոչեն, որ կը նշանակէ Ռաֆֆին մայրը) կ՚արթննայ առաւօտեան ժամը հինգուկէսին քննելու ծառերուն վրայ հասած թուզերը, նախքան բանուորներու ժամանումը՝ զանոնք հաւաքելու ընկոյզներուն հետ միասին, որոնք անոր տան այգիի ծառերու երկու հիմնական պտուղներն են: Ապա ան կը սկսի իր կոփուած ձեռքերով պղպեղը չորցնելու եւ բոլոր տեսակի անուշներ պատրաստելու աշխատանքին, որ կը տեւէ մինչեւ երեկոյեան ժամերը, ապա հեռախօսով կը զրուցէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գաղթած իր երկու զաւակներուն հետ:

Ժպտացող, խոր երկայն եւ լայն կնճիռներով դէմքով Ում Ռաֆֆին ծիծաղով ու տեսակ մը գովազդելով իր ապրանքը կ՚ըսէ. «Ես իմ տան ներքնայարկը վարձով կու տայի այն ընտանիքներուն, որոնք կ՚ուզէին իրենց ամառնային արձակուրդը այստեղ անցընել, անոնք միեւնոյն ժամանակ իմ պատրաստած ուտեստներուն յաճախորդներն էին։ Ով որ առաջին անգամ կը գնէ իմ արտադրանքը, կը դառնայ տեւական յաճախորդ, անոնք մաքուր են, թարմ եւ զերծ որեւէ կեղծարարութենէ»:

Իսկ ըստ քաղցրեղէններու արտադրութեամբ զբաղող Ապու Ահմէտին (Ահմէտին հայրը), որ ամրան շրջանին Լաթաքիայէն կու գայ Քեսապ, այս տարուան զբօսաշրջիկներու թիւի նուազումի պատճառը տնտեսական եւ կենցաղային ծանր իրավիճակն է եւ մանաւանդ վառելիք ապահովելու դժուարութիւնը, որովհետեւ զբօսաշրջիկները պիտի ուզեն գալ իրենց սեփական ինքնաշարժներով՝ «Քեսապը գեղեցիկ է իր գիւղերով ու շրջակայքով, իսկ առանց ինքնաշարժի զբօսաշրջութիւնը համ չունի»:

Սամրա գիւղը (Գարատուրան), ուր նկարահանուած է սուրիական յայտնի տեսաշար «Տայա տայաա» (Կորսուած գիւղը), հայերու ծովափը եւ Քեսապի ճոպանուղին կը համարուին երեք կարեւոր զբօսաշրջային վայրերը, զորս զբօսաշրջիկները կը սիրեն այցելել եւ լուսանկարուիլ այնտեղ:

Մանճիկեան արտայայտելով իր մտահոգութիւնը գիւղաքաղաքի զբօսաշրջիկներու նահանջով՝ ըսած է. «Քեսապի երիտասարդութեան թիւը կը նուազի, որովհետեւ անոնք կը գաղթեն տարբեր պատճառներով՝ ուսանելու, աշխատելու, փոխան պարտադիր զօրակոչութեան վճարումը կատարելու, իսկ այստեղ մնացողներուն մեծ մասը կը նախընտրէ աշխատիլ զբօսաշրջութեան ոլորտով, քան գիւղատնտեսութեամբ, հետեւաբար, զբօսաշրջութեան նահանջը կը նշանակէ երիտասարդ ներուժի գաղթի աճը»: Ան համաձայն է Ապու Ահմէտի հետ, թէ կենսապայմաններու վատացումն ու վառելիքի տագնապը ազդեցութիւն ունին զբօսաշրջութեան շարժումին վրայ, ինչպէս նաեւ այլ գործօններ՝ ելեկտրականութեան անջատումները, ջուրի ընդհատումները այնպիսի տարածքի մը մէջ, որ հարուստ է իր աղբիւրներով եւ ստորերկրեայ ջուրերով։ «Այս խնդիրը կրցանք լուծել այս ամառ պատկան մարմիններուն հետ, պայմանաւորուելով, որ գիշերները երկար ժամերով ելեկտրականութիւն մատակարարեն, որպէսզի կարողանանք ջրամբաները լեցնել», ըսած է ան ու եզրափակած իր խօսքը՝ «Քեսապի մէջ որեւէ նոր մշակուելիք ծրագիր, թէկուզ այն մայթի համեստ սրճարանի մը նորոգումը ըլլայ, կը նպաստէ քաղաքի աշխուժութեան եւ աշխատանքի առիթներ կ՚ընծայէ բնակիչներուն՝ անկախ անոնց կրօնական եւ ցեղային պատկանելիութենէն»։ Ապա կոչ ընելով բնութեան սիրահարներուն ըսած է. «այցելեցէք «Սուրիոյ Այնճար»ը»:

Ի դէպ, Քեսապ նաեւ միջազգային համբաւ ունեցաւ, երբ յայտնի դերասանուհի Քիմ Քարտաշեան 2014-ին կոչ ըրաւ փրկելու Քեսապը ծայրայեղական խմբաւորումներու յարձակումէն եւ վայելելու անոր գեղեցիկ տեսարանները, խնձորն ու դափնին, նաեւ մաքուր պատրաստուած քացախն ու մեղրը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023