ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱՅԼ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 12-րդ միջազգային փառատօնին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս փառատօնը առիթ հանդիսացաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակի գործունէութեան հերթական արդիւնքներուն ալ ներկայացման։ Սոյն հարթակին այս տարի մասնակցեցաւ տասը նախագիծ։ Փառատօնի օրերուն իրականացուած ձեռնարկին շրջագծով տեղի ունեցան դասընթացքներ, հանդիպումներ եւ նախագիծերու ներկայացումներ։ Դատակազմի որոշմամբ՝ նախապէս ընտ-րուած նախագիծերէն մէկուն 10 հազար ամերիկեան տոլարի քանակութեամբ՝ որպէս մրցանակ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի, ժապաւէնի արտադրութեան նպաստելու համար։
«Ոսկէ ծիրան»ի գեղարուեստական ղեկավար ու շարժանկարի քննադատ Սուսաննա Յարութիւնեան յայտնեց, թէ Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակը արդէն դարձած է աւանդական։ «Մենք դիմումներու ընդունման մասին յայտարարած էինք երկու ամիս առաջ։ Ունինք հայ եւ թուրք երիտասարդ շարժանկարի գործիչներու շրջանակ մը, որու անդամները հետաքրքրուած են նման նիւթերով։ Նախորդ աշխատանքային հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ապրիլին Իսթանպուլի մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ այս տարի իրենց ներկայացուած նախագիծերուն 90 տոկոսը առընչուած էր ցեղասպանութեան նիւթին հետ։ Սա կը վերաբերի թէ՛ հայ եւ թէ թուրք արուեստագէտներու պարագային։ Ըստ իրեն, ներկայ տարուան պայմաններուն ներքեւ սա բնական երեւոյթ մըն է, նաեւ կ՚ընդգծէ հարթակի արդիւնքը։
Այս տարի քննարկուած նախագիծերուն հեղինակներն էին՝ Պելկին Ճենկիզ, Սօնա եւ Մարինէ Քոչարեաններ, Րաֆֆի Նիզիպլիեան, Գագիկ Ղազարեան, Շանթալ Փարթամեան, Տիանա Մկրտչեան, Սենէմ Կէօքչէ, Ավիվա Բարխուդարեան, Սապրի Ումուր Պոզիյլի եւ Հաճը Օրման։
Թուրքիա-Հայաստան շարժանկարի հարթակը կը գործէ 2008 թուականէն ի վեր՝ Հայաստանէն «Ոսկէ ծիրան»ի եւ Թուրքիայէն՝ «Անատոլու քիւլթիւր»ի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հարթակը կապեր կը ստեղծէ երկու երկիրներու շարժանկարի գործիչներուն միջեւ, կը խրախուսէ համատեղ արտադրութիւնը ու կը ցուցաբերէ աջակցութիւն։ Այս հարթակին շրջագծով ցարդ գանձատրուած է եօթ շարժանկարի նախագիծ՝ երկու երկիրներէն։
Միւս կողմէ, «Ոսկէ ծիրան»ի օրերուն Երեւան այցելած «Անատոլու քիւլթիւր»ի ղեկավար Օսման Քավալա յուշամետայլով մը պարգեւատրուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառի տնօրէն Հայկ Տեմոյեանի կողմէ։ Այս տարի «Ոսկէ ծիրան»ի կազմակերպիչները, հիւրերն ու գործընկերները այցելութիւն մը տուին թանգարան։ Այս առթիւ Հայկ Տեմոյեան տեղեկացուց, թէ թանգարանը կը թողարկէ շարք մը ոսկէ մետայլներ, որոնք նուիրուած են զանազան երախտաւորներու։ Այս շարքը կը կոչուի «Երախտագիտութիւն»։ Սա յուշանուէր-մետայլ մըն է, որ կը տրուի թանգարանի այցելուներուն, աջակիցներուն ու բարեկամներուն։ Այդ մետայլը կը յանձնուի որպէս երախտագիտութեան դրսեւորում։ Ավրորա Մարտիկանեանի անունով կոչուած է յուշամետայլը։
Յիշեալ այցելութեան ընթացքին Հայկ Տեմոյեան այդ յուշամետայլով պարգեւատրեց «Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը, գլխաւոր հովանաւոր «Վիվասէլ» ընկերութիւնեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, բեմադրիչ Ռոպ Նիլսընը, բարերարներ՝ Փաւէլ Մարգարեանն ու Խաչիկ Մանուկեանը, ինչպէս նաեւ Օսման Քավալան։
Յարութիւն Խաչատրեան հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ մրցանակները յանձնուած են այն մարդոց, որոնք օգնած են կազմակերպել 2015-ի տարելիցին ձօնուած «Այլեւս երբեք» ծրագրը, որու շրջանակներէն ներս զանազան երկիրներու մէջ ներկայացուած են Եղեռնի մասին ժապաւէններ։ «Մարդիկ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս օգնած են մեզի սոյն ծրագրի իրագործման համար։ Եղեռնի մասին ժապաւէնները շատ աւելի հասկնալի են, քան խօսքը։ Այս տարի մենք լաւ գործ ըրինք, աշխարհի տասնեակ երկիրներուն մէջ ցուցադրեցինք Եղեռնի մասին ժապաւէններ, մարդիկ հասկցան, թէ ինչ ցաւ ունի հայ ժողովուրդը։ Շնորհակալութիւն անոնց, որոնք օգնեցին մեզի», ըսաւ Յարութիւն Խաչատրեան։
«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնը, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ 2015-ի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին հետ միասին զանազան երկիրներու մէջ թեմաթիք ժապաւէններու ցուցադրութիւններ կազմակերպած է՝ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առթիւ։ «Այլեւս երբեք» խորագրեալ ծրագիրը ընդգրկած է հանդիպումներ, սեմինարներ եւ ժապաւէնի ցուցադրութիւններ։ Ընտրուած են զանազան ժամանակահատուածներու մէջ նկարահանուած, Եղեռնի մասին պատմող վաւերագրական եւ խաղարկային ժապաւէններ։
Հարկ է նշել, որ իրեն յանձնուած մետայլը ստանալէ վերջ Օսման Քավալա հանդէս եկած է շնորհակալութեան խօսքով մը։