ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ՊԱՅՔԱՐ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կե­ցին լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Սու­րիոյ եւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րուն մէջ, Տիար­պա­քը­րէն թռիչք ա­ռած թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­նաւ­նե­րը ծանր հա­րուած­ներ հաս­ցու­ցին ի­րենց թի­րախ­նե­րուն։ Ռմբա­կո­ծում­նե­րուն զու­գոր­դուե­ցան նաեւ երկ­րէն ներս անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րուն կող­մէ բազ­մա­թիւ ա­հա­բեկ­չա­կան լծակ­նե­րուն դէմ կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քին ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ շուրջ հա­զար հո­գի։  

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Թուր­քիա բազ­մա­ռանցք պայ­քար մը կը մղէ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին շա­բա­թա­վեր­ջին շա­րու­նա­կեց վճռա­կան պատ­գամ­ներ տալ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ու­նե­ցան տե­սակ­ցու­թիւն մը։ Տա­վու­տօղ­լու հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լիի հետ։ Ան տե­ղե­կա­ցուց, թէ պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ պի­տի ու­ղար­կուին ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ձեռ­նարկուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Տա­վու­տօղ­լու մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ խումբ մը ազ­դե­ցիկ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։

Այս հան­դի­պում­նե­րուն զու­գա­հեռ վար­չա­պե­տը կա­րե­ւոր հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նիի հետ։ Տա­վու­տօղ­լու ընդգ­ծեց, թէ Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ ա­մէն տե­սակ նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց ձեռք առ­նել՝ որ­քան ա­տեն որ շա­րու­նա­կուին ՓՔՔ­-ի ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րը։

Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց, թէ Թուր­քիա չի կրնար լռու­թիւն պա­հել այն տար­րե­րուն դէմ, ո­րոնք ի­րեն կը սպառ­նան եւ իր հա­կա­հա­րուած­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին՝ որ­քան ա­տեն որ այդ սպառ­նա­լիք­նե­րը չդադ­րին։ Մինչ վեր­ջին օ­րե­րու մթնո­լոր­տին մէջ բուռն քննա­դա­տու­թիւն­ներ կը հնչեն նաեւ ՀՏՓ­-ի հաս­ցէին, Տա­վու­տօղ­լուն ալ յայտ­նեց, թէ այդ կու­սակ­ցու­թեան հա­մար ե­կած է կողմ­նո­րոշ­ման օ­րը։

Միւս կող­մէ, Թուր­քիա ար­տա­կարգ ժո­ղո­վի հրա­ւի­րեց ՆԱ­ԹՕ-ի խոր­հուր­դը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այդ նիս­տը նա­խա­տե­սուած է վա­ղը։ Ան­գա­րա կը նա­խա­տե­սէ իր ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ուղ­ղեալ վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն եւ սպառ­նա­լիք­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ձեռք ա­ռած նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րուն եւ ձեռ­նար­կած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շուրջ տե­ղեակ պա­հել դաշ­նա­կից­նե­րը։ Այդ բո­լո­րին շուրջ թրքա­կան կող­մը կ՚ակն­կա­լէ նաեւ ուխ­տի եր­կիր­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ շա­բա­թա­վեր­ջին յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա միշտ որ­պէս սպառ­նա­լիք ըն­կա­լած է Ի­ՇԻՊ-ը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը այ­սօր լայ­նօ­րէն ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նայ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի եւ երկ­րի յա­ռա­ջա­տար լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման։ Այս զրոյ­ցի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հրա­պա­րա­կու­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ, որ­պէս­զի բիւ­րե­ղա­նան Ան­գա­րա­յի նպա­տակ­ներն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ։ Այս շրջագ­ծով Տա­վու­տօղ­լու ը­սած է, թէ Թուր­քիա չի փա­փա­քիր իր սահ­ման­նե­րուն վրայ տես­նել Ի­ՇԻՊ-ը։ Այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան ճամ­բար­նե­րը պի­տի ռմբա­կո­ծուին մին­չեւ որ ան հե­ռա­նայ Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն։ Վար­չա­պե­տին խօս­քե­րով, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յստակ են­թադ­րած է այս նպա­տա­կին հաս­նե­լու մի­ջոց­ներն ու հանգ­րուան­նե­րը։ Ի­ՇԻՊ-ի փո­խա­րէն Թուր­քիա կը նա­խընտ­րէ Սու­րիոյ յա­րա­բե­րա­բար մեղմ ընդ­դի­մու­թիւ­նը տես­նել սահ­մա­նին վրայ։ Թրքա­կան կող­մը մտա­դիր չէ ցա­մա­քա­յին զօր­քեր մտցնել Թուր­քիա։

ՓՔՔ­-ի պա­րա­գա­յին եւս վար­չա­պե­տը փո­խան­ցեց վճռա­կան պատ­գամ­ներ։ Ըստ ի­րեն, այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կա՛մ պի­տի թո­ղու զէն­քե­րը եւ կամ պի­տի են­թար­կուի հե­տե­ւանք­նե­րուն։ Գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին այն­քան ժա­մա­նակ, որ այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը զէն­քը թո­ղու Թուր­քիոյ մէջ։ Ա­ռանց ա­նոր երկ­րէն հե­ռա­նա­լուն՝ Իմ­րա­լըի հետ ո­րե­ւէ շփում պի­տի չըլ­լայ։ Պի­տի մաք­րա­գոր­ծուին քա­ղաք­նե­րու մէջ ամ­բա­րուած զէն­քե­րը։ Լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի վերսկ­սի այն ժա­մա­նակ, երբ վերջ գտնէ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն դէմ սպառ­նա­լի­քը։

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2015