ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
Շիշլիի մէջ «Այա Տիմիթրի»ի մշակոյթի օրուան առթիւ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը, որ զգացական պահերու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Այսպէս, Շիշլիի քաղաքապետութիւնը հիւրընկալեց Քուրթուլուշ թաղամասէն գաղթելու պարտաւորուած՝ ներկայիս Յունաստան հաստատուած յիսուն նախկին թաղեցիներ։ Շիշլիի բնակիչ իրենց հարեւաններուն հետ անոնք մէկտեղուեցան «Այա Տիմիթրի»ի մշակոյթի օրուան շրջանակէն ներս։ Քուրթուլուշի յունաց վարժարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։ Ձեռնարկի ընթացքին հնչեցին ելոյթներ։ Քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին յայտնեց, որ Շիշլի ունի համակեցութեան միջավայր մը, ուր կը նկատուին խաղաղութեան առատացման լաւ օրինակները։ Իր կարգին, հիւրընկալ վարժարանի վաքըֆի վարչութեան ատենապետ Եորկօ Թէոտորիտիսն ալ յայտնեց, որ Շիշլիի խճանկարին տարրերէն մին ըլլալը առանձնայատկութիւն մը կը համարուի։
Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին գրող Հիւսէյին Ըրմաքն ալ մակագրեց իր կողմէ հեղինակուած «Tatavla’dan Kurtuluş’a» գիրքը։
Ի յիշատակ այս հաւաքոյթին քաղաքապետին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։