ԹԱՆԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայոց վերաբերեալ երէկ թանկ վկայութիւններ տեղի ունեցան Իսթանպուլի մէջ։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հիմնական մասին կողմէ ներկայացուած յայտնի պատկերին այլընտրանք մը մատուցանելով՝ հանրային կարծիքի ընկալումները աւելի ամբողջական դարձնելու առաջադրութեամբ վերջերս կեանքի կոչուեցաւ ծրագիր մը՝ «Friedrich-Ebert-Stiftung (FES)»ի Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան խրախուսանքով։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր բիւրեղացնել Արցախի հայութեան դէպի Հայաստան պարտադիր տարհանումով ստեղծուած մարդասիրական կացութիւնը։

Տեղւոյն վրայ ականատեսի վկայութիւններ քաղելու նպատակով վերջերս Հայաստան այցելեցին «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան եւ լուսանկարիչ Պերճ Արապեան։ Շուրջ միշաբաթեայ ուղեւորութենէն վերադարձին՝ անոնք երէկ իրենց տպաւորութիւնները բաժնեցին՝ մամլոյ ասուլիսով մը։ «Ակօս»ի խմբագրատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, զոր վարեց թերթի գլխաւոր խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան։ Էսդուգեան եւ Արապեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ բաժնեցին իրենց վկայութիւններն ու տպաւորութիւնները։ Բագրատ Էսդուգեան նշեց, որ Հայաստան 100 հազար գաղթական հիւրընկալած է եւ հասարակութիւնը անմիջապէս մարսած է տարհանուածները, որոնք թէ՛ սնուելու խնդիր չունին եւ թէ դպրոցահասակներու կրթութիւնն ալ ապահովուած է։ Գորիս քաղաքը, որ տարհանեալներու մեծամասնութեան առաջին կանգառը դարձած է, ամէն առումով շատ լաւ կազմակերպուած է։

Ասուլիսի մասնակիցներու տեսակէտէ շատ հետաքրքրական էր նաեւ լսել Պերճ Արապեանը, որ իսկապէս լուսանկարչութեան մեծ վարպետ մըն է եւ իր ոսպնեակը միշտ կ՚որսայ եզակի դրուագներ։ Ան յայտնեց, որ ականատես եղած է դրուագներու, որոնք զգացական լուրջ ցնցումներ առթած են։ Ուստի, իր կանխատեսածին չափ նկարահանում չէ կատարած։ Իր նկատած ողբերգութիւնը որոշ չափով սահմանափակած է նկարահանումը։ Իր դիտարկումներու շարքին շատ յատկանշական էր, որ Արցախէն բռնի տարհանուածները դասական առումով գաղթականի կեանք չեն ապրիր, առ երեւոյթ ընթացիկ առօրեայ մը ունին։ Անոնք իրենց միտքէն անգամ չեն անցըներ Արցախ վերադառնալը։ Պերճ Արապեանի վկայութիւններով՝ մասնաւորապէս մանուկներու հետ շփումները կը բիւրեղացնէին մարդոց մատնուած վիճակը։

Ասուլիսի աւարտին ներկաներուն ցուցադրուեցան ուղեւորութեան օրերուն նկարահանուած նկարները։ Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ալ Էսդուգեան եւ Արապեան ներկաներու յաւելեալ հարցումներուն պատասխանեցին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2023