ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՉԻ ԲԱՑԱՌԵՐ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԴՐԱԿԱՆ ՏԵՂԱՇԱՐԺԸ ՄՕՏԱՒՈՐ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հաւանական կը նկատէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ մօտաւոր ապագային դրական տեղաշարժը։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Ալէն Սիմոնեան անդրադարձաւ Երեւանի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, որ այդ մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ նախընթաց օր մանրամասն խօսեցաւ Թիֆլիզի մէջ «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային ֆորումին ժամանակ։ Ալէն Սիմոնեան նշեց, որ այդ նախագիծը միտուած է խաղաղութեան, միջանցքի նիւթը այլեւս այժմէական չէ, իսկ խաղաղութեան մասին խօսակցութիւնները աշխուժացած են ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ հարեւան երկրի ղեկավարութեան կողմէ։ «Ոչ մէկը որեւիցէ բան չի յանձներ։ Կ՚ըլլան բաց ճանապարհներ, կ՚ըլլայ առեւտուր, Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութիւնը կը զարգանայ եւ մենք ի վերջոյ կ՚ունենանք խաղաղութիւն։ Ես վարչապետի ելոյթէն, նաեւ վերջին տեղեկութիւններէն եզրակացնելով՝ չեմ բացառեր, որ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնը՝ ներառեալ սահմանը, շատ հաւանական է, որ դրական առումով տեղաշարժ մը ունենայ մօտ ժամանակներուն», ըսաւ ան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023