ԱՆԿԱՍԵՑՆԵԼԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այս շաբաթավերջին կը դառնայ 100 տարեկան։ Այս տարի 29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնը ունի բացառիկ նշանակութիւն։ Դարադարձի բարձր տրամադրութիւնը համակած է ամբողջ երկիրը։ Համատարած խանդավառութիւնը կը համախմբէ ամբողջ երկիրը՝ ազգային անխախտ միասնականութեան գիտակցութեան վերանորոգումով։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը կը բիւրեղանայ անկասեցնելի յառաջդիմութեան ու սլացքի մը համայնապատկերին վրայ։ Արդարեւ, այս յոբելեանը կը բնորոշուի երկրի յաղթական ընթացքով, երբ կ՚ուրուագծուին նաեւ «Թուրքիոյ դարու» հեռանկարները։ Այս բոլորը 100-ամեակի աննախընթաց տօնակատարութիւններուն մեծ տարողութիւն մը կը վերագրէ։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենան փայլուն հանդիսութիւններ, ինչ որ վառ ապացոյց մըն է, թէ ժողովուրդը որքան իւրացուցած է Հանրապետութիւնը, անոր խորհրդանշած արժէքներով ու կենցաղով հանդերձ։

Փայլուն դարադարձին ամբողջ երկիրը հերթական անգամ երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը, որուն լուսաւոր կերպարը կը շարունակէ պայմանաւորել Թուրքիոյ ընթացքը։ Յոբելենական փուլին կը վերյիշուին նաեւ իր զինակից ընկերները եւ բոլոր նահատակները, որոնք կանգնած են Հանրապետութեան ակունքներուն։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի այս տարուան պատգամն ալ պատմական նշանակութիւն ունի։ Իրեն բախտ վիճակած է պատմական այս փուլին պետութեան գլուխը գտնուիլը։ Ան պետական արարողակարգով կ՚ընդունի շնորհաւորութիւնները Պեշթեփէի համալիրէն ներս, իսկ իր պատգամին բովանդակութիւնը թարգման կը հանդիսանայ ժողովուրդի զգացումներուն եւ խոհերուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2023