Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ Ս. ՓՐԿԻՉ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մատրան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խանդավառ արարողութիւն մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս առթիւ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց մեր քահանայից դասու երիտասարդ անդամներէն նորաօծ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւոր հայրերը եւ մեր քահանայից դասէն բազմաթիւ հայրեր ներկայ գտնուեցան հոգեպարար արարողութեան, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ այլ դպիրներ։
Անդրանիկ Ս. Պատարագէն վերջ, հոգաբարձութեան կողմէ սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ, ի պատիւ նորաօծ Քահանայ Հօր։ Մեր հոգեւորականաց դասը անդրանիկ Ս. Պատարգին օրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատեց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանը։ Յանուն հոգեւորականաց դասուն շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Նորաօծ Տէր Հայրն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքով։