ՀԱՃԵԼԻՆ ԵՒ ԱՆՀԱՃՈՆ
-Ո՞ւր ես, հինգ ժամէ ի վեր քեզի կը սպասեմ,- ըսի այս անգամ քիչ մը աւելի պահանջկոտ ձայնով: Կը զգայի, որ ընկալուչին մէջէն ձայնս սկսած էր դողդղալու:
-Թրաֆիքի՝ խճողումի մէջ եմ, համբերէ՛, կու գամ կոր,- պատասխանեց եղբայրս:
Տիթրոյիթի օդակայանի ելքերէն մէկուն դրան մուտքին, գիրքերով լեցուն պայուսակներուս քով կեցած, այս երրորդ անգամս է, որ հոս բնակող եղբօրս՝ Երուանդին կը հեռաձայնեմ, որ գայ ու զիս վերցնէ: Բայց կ՚ուշանար:
Այդպէս պայմանաւորուած էինք նախապէս: Եւ երբ ուշացաւ, մտահոգութիւնը պատեց միտքս:
Ամիսը արդէն կիսուած էր, երբ աշնանային երեկոյ մը հասած էի այս քաղաքը՝ յատուկ հրաւէրովը տեղւոյն ՀՕՄ-ին, իբրեւ զեկուցաբեր միօրեայ ուսուցչուհիներու սեմինարին:
Է՜հ, վերջապէս ես ալ տարիներ առաջ, հոս՝ այս քաղաքին մէջ, ընտանիքովս ոչ միայն ապրած, այլեւ իբրեւ հայոց լեզ-ւի ուսուցիչ ալ պաշտօնավարած էի անոր ամէնօրեայ հայկական վարժարանէն ներս, որ հիմա այլեւս իր դռները շատոնց փակած էր դժբախտաբար:
Դուրսը, այս աղմկոտ փողոցին մէջ, ուր երեկոն արդէն նստած էր, թէեւ ծոյլ քամի մը կար, սակայն ես սկսած էի «սառելու», իսկ սպասումս ալ՝ կամաց-կամաց պրկում դառնալու: Վերջապէս պէտք էր գիտնայի, որ հոս տաք Գալիֆորնիան չէր:
Յանկարծ յիշեցի: Այս առտու կանուխ էր, երբ տնեցիներուս հրաժեշտ տալով՝ դէպի Լոս Անճելըսի օդակայանը կը մեկնէի, չեմ գիտեր՝ ինչպէ՛ս հանդիպեցայ ծուռ երես «չին-չին» չին դրացիիս: Միտքս ինքնածին խանգարուեցաւ: Կարծես անիմաստ կամ ալ շփոթ բաներով պարուրուեցաւ:
Երեսս խաչակնքելով, «Աստուած չար փորձանքներէ զիս հեռու պահէ» մը ըսած էի մտովի, որովհետեւ այս մարդուն ներկայութեան խառնակ, անծանօթ եւ մտահոգութեան տանող միտքեր լուռ երկչոտութեամբ մը պատած էին զիս ու մանաւանդ՝ հոգիս: Ահա հիմա ալ՝ այս ուշացումը:
Նախապաշարումի թէ՛ կը հաւատայի եւ թէ՛ չէի հաւատար: Իսկապէս շփոթած էի:
Հապա՞ տակաւին չորս եւ աւելի ժամեր առաջ այդ անիծեալ օդանաւին մէջ մօտս նստած աչքերը գծած ու եղունգները ներկած երիտասարդ տղան: Ասո՞ր ինչ կ՚ըսէք: Ո՛չ ձգեց, որ հանգիստ մրափեմ եւ ո՛չ ալ ինք հանգիստ նստաւ: Ամէն վայրկեան ինձմով զբաղեցաւ: Խօսեցաւ ու շատախօսեց:
-Ջուր կ՚ուզե՞ս, «քո՞ք», սուրճ բերե՞մ, սանտուիչ մը գնե՞մ, կօշիկդ շատ սիրեցի. ճաշակաւոր կ՚երեւիս. հեռաձայնի թիւդ ի՞նչ է, ո՞ւր կ՚երթաս, ինչո՞ւ:
Այսպէս, մէկ խօսքով՝ բառերու հեղեղ մը, որ ինծի համար հաճելի չէր: Իրապէ՛ս յոգնեցայ: Արդէն այդ օդանաւին մէջ միայն հոգատար մը ունենալս պակաս էր: Իրեն ի՞նչ, կ՚ըսէի մտովի, թէ ես ո՞վ էի, ի՞նչ կ՚ուզէի: Ինք ո՛չ կինս էր եւ ո՛չ ալ ընկերակից կամ սիրահար: Մեղա՜յ, մեղա՜յ: Նոյնիսկ հասկնալի կոպտութեամբ ուզեցի հասկցնել, որ ես իր գիտցածներէն չէի: Կի՛ն, զաւակներ ունէի: Ապո՛ւշ: Թոռնի՛կ ունէի: Յիմա՛ր:
Ու այսպէս, ներքին խուճապս շալկած, քանի մը անգամ իսկապէս որոշեցի տեղս փոխել: Չորս կողմս, ետեւ-առջեւ նայեցայ: Զննեցի: Օդանաւը բերնէ բերան լեցուն էր: Անոր համար տեղս մնացի, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ժամերս անախորժ շարունակութեամբ վատնը-ւեցան: Բոլոր լաւ տրամադրութիւններս սպաննուած էին արդէն: Ու հազիւ որոշած էի անորոշը անիծել, երբ յանկարծ միտքս ինկաւ այս առաւօտ կանուխ դէմս ելած դրացի «չին-չին»ս՝ իր քաշուած աչքերուն տակ քանի մը ակռաներով ցուցադրած կիսատ ժպիտովը: Ուղուրսուզ մարդ:
Ապա հիմա, ժամեր ետք, հո՛ս, օդակայանի պատին տակ, աչքերս գամած դէպի մեզի մօտեցող իւրաքանչիւր մակնիշի ինքնաշարժներուն, ինչպէս կը սիրէ գործածել երեւանցի միւս դրացիս, մտովի «Աստուած ուրիշ փորձանքէ պահէ» մը կ՚ըսէի՝ մտածկոտ ու նոյնքան վախէս ծնած բառերովս: Եկո՛ւր եւ հաւատայ՝ թրաֆիք. ինչու հոս Կլենտէ՞յլ էր, կամ Հոլիվո՞ւտ:
Յանկարծ ինքնաշարժ մը կանգ առաւ ճիշդ դիմացս, մայթին ծայրը: Ծռեցայ ու փորձեցի ինքնաշարժին մութ ապակիով պատուհանէն ներս նայիլ: Ինքն էր, եղբայրս:
-Վերջապէ՜ս,- ըսի ու պայուսակներս քշելով դէպի ինքնաշարժ յառաջացայ: Իր կարգին ինքն ալ ինքնաշարժի ետեւի սնտուկին կափարիչն ալ բացաւ: Բայց դուրս չելաւ:
Ա՛ռ քեզի հիւրասիրութիւն: Մա՛րդ Աստուծոյ, մէյ մը դուրս ել, ձեռնուինք, համբուրուինք: Երկար ատենէ ի վեր զիրար չենք տեսած: Է՜հ, աշխա՛րհ: Պարապ տեղը մեր մեծերը չեն ըսած՝ «Աչքէ հեռու, սիրտէ հեռու»: Ճիշդ են եղեր:
Առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ դժուարութեամբ երկու ծանր պայուսակներս տեղաւորեցի այդ խորունկ սնտուկին մէջ, որուն պակաժ անունն ալ կու տանք, եւ ուժգին փակելով՝ առաջ եկայ ու իր մօտ նստայ: Նոյն ձեւով ալ դուռս գոցեցի ու աթոռին ապահովութեան գօտին կապելէս ետք ըսի.
-Բարե՛ւ, աղա՛,- իսկապէս որ բարկացած էի, իր այս անտարբեր կեցուածքին համար: Դէմքին չնայեցայ: Սպասեցի, որ ինք փոխադարձէ, խօսի: Սակայն՝ ոչ մէկ բառ, ոչ մէկ շարժում:
-Հայտէ՛, հիմա քալէ՛,- ըսի արագ մը, վերջը հաշիւնիս կը մաքրենք:
Իսկապէս որ յուզուած էի յուսախաբութենէս:
-Ուա՞թ, ի՞նչ,- յանկարծ լսեցի ձայն մը:
-Քալէ՛,- կրկնեցի արագ մը:
-Ուա՞թ,- կրկնեց ձայնը,- հո՞ւ ար եու, ո՞վ ես դուն,- ականջիս հասաւ նոյն ձայնը գրեթէ բարկացկոտ:
Զարմացայ: Մէյ մը ձախ դառնալով՝ իր կողմ նայեցայ: Մեղա՜յ, ինքը չէր, եղբայրս չէր: Օտար մըն էր: Բայց որքա՜ն իրեն կը նմանէր: Այս ի՛նչ ամօթ բան: Շուարած էի:
-Կե՛թ աութ ֆրամ մայ քար, դուրս ել ինքնաշարժէս,- պոռաց հայհոյանքներով եւ տմարդի բառերով հիւսուած, որոնք ո՛չ սահման ունէին եւ ո՛չ ալ ժամանակ: Կը զգայի, որ իր մարմինը հրաբուխ լերան մը պէս կը դողար ու հայհոյանքները կատղած լաւայի նման բերնէն դուրս կը թափէին: Աննկարագրելի խայթոցներ: Կարծես աչքին մէջ յանկարծական հրդեհ մը բռնկած էր:
Անդրադարձայ: Սխալ ինքնաշարժ մտած էի ու «մեր մարդը» ինքզինք չեմ գիտեր ինչ զգալով՝ սկսած էր վրաս գոռալու: Վէրք ստացած անասունի մը նման կը ճչար: Այնքան նուաստացած էր: Տեսարանը բեմական էր եւ խոր իրականութիւն:
Արագ դուռը բացի ու դուրս ելայ: Իսկ ինք շուտով բացաւ ետեւի այդ անիծեալ պակաժը: Անմիջապէս անցայ ինքնաշարժին ետեւը ու նոյն արագութեամբ ալ պայուսակներս մէջէն հանելով՝ փորձեցի պատին տակ նախկին տեղս գրաւել: Աչքիս տակէն նկատեցի, որ մարդը գիշատիչ աչքերով զիս կը դիտէր: Իսկապէս որ բերանէն թափած բառերը մերկ էին եւ դաւադրաբար չար: Իսկ ես ալ երկիւղը զիս բռնած՝ խուճապի մատնուած էի:
Մարդը իրաւունք ունէր: Բայց ես ալ մարդ էի, վերջ ի վերջոյ ես ալ կրնայի շուարիլ, սխալիլ: Ի՞նչ կ՚ըլլայ: Աշխա՞րհը փլաւ: Հա՞յրը սպաննած էի, թէ՞ մայրը: Մեղա՜յ:
Յանկարծ տեսայ, որ ինքն ալ դուրս ելաւ: Ահա քեզի նոր «Աւարայր» մը, ըսի կրկին մտովի ու հետեւեցայ իր շարժումներուն: Այնպէս կը կարծէի, որ մարդը չէր գոհացած հայհոյանքներու իր հեղեղովը ու հիմա հետս կռուի պիտի բռնուէր: Կասկածի ու տարակուսանքի նայուածքիս մէջ տեսայ, որ ան ինքնաշարժէն ցած իջած էր: Նախ իր դուռը ամուր մը գոցեց: Ապա անցաւ ինքնաշարժին ետեւ եւ անոր սնտուկին կափարիչը աղմուկով մը գոցելէ ետք ինծի նայեցաւ:
Արտասանած նախադասութիւնները աւելի լայնցած էին: Կատաղութիւնը տակաւին կը հոսէր իր դէմքէն: Ես որ նման տեսարաններէ միշտ խուսափած էի, հիմա կարծես ես էի անոնց հեղինակը: Մարդուն երեսին վրայ տակաւին դաժան գաղափարի մը լոյսը կար: Ահա՛ քեզի պատմութիւն:
-Սորի, ներողութիւն,- բացագանչութեան մը նման բառը փրթաւ բերնէս ճակատամարտը կորսնցնող եւ մեղքի զգացումը ապրող հաւատացեալի մը նման: Միայն ճերմակ դրօշակ պարզելս պակաս էր:
Նայեցաւ: Աւելի ճիշդ իրար նայեցանք, երկար ու անխօս: Հիմա այլեւս նշմարելի էր իր շրթներուն վրայի զսպուած հեգնանքը, որ պղտորած էր երեկոյեան ժամերուս հոսքը: Որոշեցի ո՛չ նայիլ եւ ո՛չ ալ հակադարձել: Օտար քաղաք էի: Մտքիս մէջ շարուած էին՝ վէճ, վիճաբանութիւն, կռիւ, ծեծ, ապտակ, պոքս, քաշ-քըշուք, ոստիկան եւ ահա՛ քեզի մեծ խայտառակութիւն: Ահա՛ քեզի այցելութիւն: Կցկտուր խոհեր:
Բարեբախտաբար յանկարծ լսեցի եղբօրս ձայնը, որ ինծի կը մօտենար:
-Ի՞նչ է, ականջդ ծանրացա՞ծ է, զիս չես լսեր, տասը վայրկեանէ ի վեր քեզ կը կանչեմ:
Ոչ մէկ բառ փոխանակեցի: Այս անգամ ինքն էր, որ զիս կ՚այպանէր իմ անտարբեր եւ անկարօտ վերաբերմունքիս համար: Մինչ երբ ես ամչկոտ նայուածքով կրկին կը յիշէի այս առաւօտ դրացի «չին-չին»իս թափած ակռաներուն տակէն գծած կեղծ խնդուքը, եղբայրս արդէն սկսած էր իր կշտամբանքին: Անժամանակ իրողութիւն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ