ՆՈՐ ԵՐԳԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐ
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը (1920-2020)» մենագրութեան շնորհանդէսը։ Որպէս Հայկազեան համալսարանի հրատարակութիւն լոյս տեսած է այս գիրքը, որու հեղինակն է Ռուպինա Արթինեան։ Գիրքը խմբագրուած է Նորա Բարսեղեանի կողմէ։ Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր։
Հուսկ, հեղինակը գրասէրներուն համար մակագրեց իր գիրքերը։
Շնորհանդէսի եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շեշտեց, թէ ստեղծագործութիւնը պայմանաւորուած չէ պարզապէս աշխատանքի նեղ սահմանումներով, այլ կախեալ է նաեւ ներքին մղումէ ու կոչումէ։ Կեդրոնանալով գիրքին վրայ՝ Հայտոսթեան շեշտեց, որ Արթինեանի գիրքը նոր զարկ կու տայ երգչախմբային մշակոյթին։ «Երաժշտութիւնը՝ մանաւանդ երգը, կեանքին կու տան խորք ու փայլք։ Իսկ երգչախմբային արուեստը դաստիարակութիւն է, միասնութիւն, զսպուածութիւն, խոնարհութիւն, համահունչութիւն, խմբային ինքնութիւն։ Մեր նման զգացական ժողովուրդի մը համար երգը կեանքի ընկեր, նոյնիսկ մահուան ընկեր է։ Այսօր, մեր սրտին, մտքին ու լեզուին վրայ նոր երգ պիտի երգենք, մենք՝ իբրեւ հաւատացեալ ժողովուրդ, նոր երգի զաւակներ ըլլանք», ըսաւ ան։