Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այսօր Անգարայի մէջ հանդիպումներ կ՚ունենայ՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հրաւէրին ընդառաջ։ Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Իրան վերջին շրջանին Պաղեստինի հրատապ իրադարձութիւններուն կը հետեւին անմիջական ուշադրութեամբ։ Անգարայի եւ Թեհրանի կողմէ այս կապակցութեամբ որդեգրուած խօսոյթին մէջ ալ կը նկատուին բազում զուգահեռականներ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այսօրուան բանակցութիւններուն ընթացքին Հաքան Ֆիտան եւ Ամիր Ապտուլլահիան կը շօշափեն նաեւ տարածաշրջանային հարցերը, նաեւ կ՚անդրադառնան երկկողմանի օրակարգին։
Թուրքիա եւ Իրան Հարաւային Կովկասի կտրուածքով ալ յառաջատար դերակատարներ են, ազդու գործօններ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2023