ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՆՆԱԼԵՆԱ ՊԵՐՊՈՔ ՎԱՂԸ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան վաղը շփումներու պիտի ձեռնարկէ Երեւանի մէջ, ուրկէ պիտի անցնի Պաքու։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վաղը պիտի հիւրընկալէ իր գերմանացի պաշտօնակիցը, որ Երեւանի մէջ այլ բարձրաստիճան դէմքերու կողմէ ալ պիտի հիւրընկալուի։ Նախատեսուած է նաեւ երկու արտաքին գործոց նախարարներուն համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Պերպոք Հայաստանի մէջ պիտի այցելէ նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղէ տարհանուածներու տեղակայուած կեդրոնը։

Մօտաւոր անցեալին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա այցելած էր Հայաստան։ Ներկայիս կը յաջորդէ Աննալենա Պերպոքի այցելութիւնը։ Այսպէսով Եւրոմիութեան յառաջատար երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները իրերայաջորդ այցելած կ՚ըլլան Հայաստան։

Պերպոք Պաքուի մէջ ալ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ երկրի ղեկավարութենէն այլ դէմքերու կողմէ։ Նախատեսուած է նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը։

Պերլինի աղբիւրները Պերպոքի ուղեւորութեան ընդառաջ յայտնեցին, որ Գերմանիա հանդէս կու գայ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններու տեսակաւորման ի նպաստ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2023