ՍԵՐՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը, որ ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Առանձնազրոյց մը ունենալու առընթեր, երկու նախարարները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին։ Ապտուլլահիան Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր ապագային կը նախատեսուի նաեւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Թուրքիա պաշտօնական այցելութիւնը։

Մերձաւոր Արեւելքի առկայ արիւնալի իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ Անգարա-Թեհրան այս շփումը։ Կողմերու պատգամները ուղղուած էին՝ առաջնահերթօրէն հրադադարի հաստատման։

Հաքան Ֆիտան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ուշադրութիւն հրաւիրեց Արեւմուտքի կրկնակի չափանիշներուն վրայ։ «Ուքրայնայի համար զատ, Պաղեստինի համար զատ չափանիշ չ՚ըլլար։ Եւրոմիութիւնը չի փափաքիր հրադադարի խօսքն իսկ լսել», ըսաւ Հաքան Ֆիտան եւ աւելցուց, որ Իսրայէլ պէտք է ժամ առաջ վերջ տայ բռնութեան։ «Պաղեստինցիները անտեսելով, աւելի արիւնահոսութիւնով տեղ մը հասնիլ կարելի չէ։ Իսրայէլ պէտք է հասկնայ, որ բռնութեան ճամբով անվտանգութիւն չի հաստատուիր։ Կարգ մը երկիրներու կողմէ Կազզէի սպանդին տրուած հրապարակաւ աջակցութիւնը անընդունելի է», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։

Իր կարգին, Ամիր Ապտուլլահիանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ դիւանագիտական ջանքերուն համար։ «Կանանց եւ երեխաներու դէմ յարձակումները եթէ շարունակուին, ապա հետեւանքները շատ ծանր պիտի ըլլան։ Իսրայէլի պատերազմական յանցագործութիւնները պէտք է դադրին, այլապէս տարածաշրջանը պատրաստ է նոր որոշում ընդունելու։ Մեր տարածաշրջանի անվտանգութեան համար պատրաստ ենք ամէն ինչ ընելու, որեւէ երկիւղ չունինք», նշեց հիւր նախարարը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2023