ԼԷՅՏԻ ԿՈՏԻՎԱՅԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ…
Գեղեցիկ, երիտասարդ ու մերկ կին մը, որ ծածկուած է միայն իր մազերով, ձին հեծած, կ՚անցնի անմարդաբնակ ու ամայի քաղաքի փողոցներով… Արուեստի ոլորտէն ներս յաճախ կարելի է հանդիպիլ այս մոթիֆին։ Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ան։ Ի՞նչ պատմութիւն թաքնուած է այս մոթիֆի ետին։
11-րդ դարուն Անգլիոյ մէջ ապրած է կոմս Լէոֆրիքը՝ դաժան ու խիստ աւատապետ մը, որուն պատկանող քաղաքներն ու գիւղերը կքած էին անոր որոշած բազմաթիւ հարկերու ծանրութեան տակ։ Զարմանալի չէ, թէ հարուստներն ու ազնուականները միշտ ուզած են ճոխ ապրիլ եւ այդ ճոխութիւնը պէտք է վճարուէր անոնց պատկանող կալուածներու շնորհիւ ստացուած հարկերով։ Արդեօք հասարակ մարդիկ կրնայի՞ն վճարել այդ հարկերը եւ յետոյ ի՞նչ կ՚ըլլար այդ մարդոց, ընտանիքներու վիճակը՝ սա ազնուականները այնքան ալ չէր հետաքրքրեր կամ ընդհանրապէս չէր հետաքրքրեր։ Սակայն նոյնիսկ այն դարերու համար կոմս Լէոֆրիքի սահմանած հարկերը իսկապէս անտանելի էին։
Այս մասին պատմող առաջին աղբիւրը եղած է 1057 թուականին Ռաճըր Վենտովերցի ժամանակագրութիւնը։ Ան կը գրէ, որ հարկերու տակ կքած, սովէն կիսամեռ բնակիչներու հեծեծանքն ու աղաչանքը կը հասնին կոմս Լէոֆրիքի կնոջ՝ լէյտի Կոտիվային։ Տեղեկանալով մարդոց տառապանքի մասին՝ լէյտի Կոտիվան կը դիմէ իր ամուսնոյն եւ կը խնդրէ, որպէսզի թեթեւցնէ Քովենթրի քաղաքի բնակչութեան անտանելի հարկերը։ Ամուսինը սկիզբին կը զարմանայ ու կը զայրանայ կնոջ, յետոյ սակայն կը պատասխանէ. «Ուրիշի հաշուոյն բարեհոգի ու բարեսիրտ ըլլալը, ի հարկէ, դիւրին է։ Դուն, սիրելի կինս, ի՞նչ զոհողութիւններ կրնաս աչք առնել, ի՞նչ ամօթ կրնաս կուլ տալ յանուն այդ մարդոց։ Պատրա՞ստ ես բան մը ընել։ Եթէ մերկ անցնիս այդ քաղաքի փողոցներով, ես ո՛չ միայն կը թեթեւցնեմ այդ քաղաքի հարկերը, այլ պատրաստ եմ ընդհանրապէս զանոնք ջնջել…»։
Այսպէս, կնոջ յամառութենէն յոգնած, Լէոֆրիք կը համաձայնի կատարել անոր պահանջը, եթէ Կոտիվան մերկ շրջի քաղաքով։ Կոտիվան կը յաղթահարէ իր ամօթի զգացումը եւ կը համաձայնի Լէոֆրիքի պայմաններուն։ Այն ժամանակներու, միջնադարեան մարդու համար չլսուած բան մը, անպատմելի ու անպատկերացնելի ամօթ էր սա, տիրուհին լրիւ մերկ դուրս գայ իր քաղաքի բնակիչներու առջեւ։ Բայց լէյտի Կոտիվան նոյնիսկ վայրկեան մը չի կասկածիր եւ կը համաձայնի ամուսնոյն առաջարկած ստորնացնող պայմանին։ Անմիջապէս պաշտօնեաներ կ՚ուղարկեն քաղաքի փողոցները եւ կը յայտարարուի Քովենթրիի բնակչութեան, թէ լէյտի Կոտիվան լրիւ մերկ, ձին հեծած պիտի անցնի քաղաքի փողոցներով։ Եթէ ան ընէ այս բանը, բոլոր բնակիչները պիտի ազատին հարկերէն։
Որոշուած ժամուն, երբ տիրուհին լրիւ մերկ, միայն իր փարթամ մազերով ծածկուած, դուրս եկաւ քաղաքի փողոցները, քաղաքը կարծես մեռած էր ու անապատի նման ամայի։ Թշուառ քաղաքացիները, ի նշան իրենց տիրուհիի հետ համերաշխութեան, նախօրօք պայմանաւորուած էին, որպէսզի մտնեն իրենց տուները, փակեն իրենց դռներն ու պատուհանները, չնային անոր, որպէսզի իրենց անմեղ տիրուհին չամչնայ, անոր ամօթը ոչ ոք տեսնէ։ Եւ այդպէս ալ ըրին։ Լէյտի Կոտիվան գլխահակ, խոնարհած հայեացքով անցաւ ամայի քաղաքի փողոցներով ու վերադարձաւ ամրոց։ Կոմս Լէոֆրիքը պահեց իր խոստումն ու Քովենթրի քաղաքը ազատեցաւ ամէն տեսակ հարկերէ՝ մնալով միայն ձիերու համար գանձուող տուրքերը։
Առասպելը կը պատմէ, որ միայն մարդ մը, որու անունը Թոմ էր, չէր դիմացած տիրուհին մերկ տեսնելու գայթակղութեան եւ պատուհանէն թաքուն նայած է լէյտի Կոտիվային՝ անցնելու ժամանակ։ Ան անմիջապէս կուրացած է։
Մինչեւ մեր օրերը հասած կարգ մը միջնադարեան արձանագրութիւնները կը փաստեն, որ այդ ժամանակահատուածին Քովենթրիի բնակչութենէն իսկապէս հարկեր չէին գանձուեր, բացառութեամբ ձիերու համար վճարուող տուրքերէն։ Բայց այս առասպելը որքա՞ն իրական է կամ որքա՞ն յօրինուած, դեռ ամբողջութեամբ փաստուած չէ։
Հարկ է նշել նաեւ, որ լէյտի Կոտիվայի մոթիֆներով ամէն տարի Քովենթրիի փողոցներուն մէջ կը կազմակերպուի շքերթ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ