«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագրին մասնակիցները վերջերս հիւրընկալուեցան երկրի խորհրդարանին մէջ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց հիւրերը, որոնց կ՚ուղեկցէր նաեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Ողջունելով Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչները, մշակութային խումբերու ղեկավարները, լրագրողներն ու երիտասարդ առաջնորդները՝ Գալուստ Սահակեան կարեւորեց անոնց այցելութիւնը Հայաստան։ Ան առանձնապէս ուրախութիւն յայտնեց, թէ հիւրերը այցելութեան փութացած էին նաեւ խորհրդարան։ Սահակեան նշեց, թէ տարիներէ ի վեր սիրով կը հանդիպի ամառնային դպրոցի մասնակիցներուն հետ։
Սահակեան բարձր գնահատեց Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի մէջ նման կրթական ծրագրի մը կեանքի կոչուիլը։ Ան ընդգծեց, որ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներուն դերը չափազանց կարեւոր է հայապահպանման ուղղութեամբ։ Ան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը համարեց յաջող ծրագիր մը, կարեւորեց նաեւ անոր շրջանակներէն ներս արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցումը՝ անմիջական շփումներու ձեւաչափին մէջ։
Ընդունելութեան տեւողութեան Գալուստ Սահակեան հիւրերուն ներկայացուց նաեւ խորհրդարանի զանազան նախաձեռնութիւնները, որոնք մանաւանդ կը վերաբերին հայկական հարցին։
Իր կարգին, Հրանոյշ Յակոբեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Գալուստ Սահակեանին՝ աւանդական դարձած այս ընդունելութեան համար։ Ան եւս կարեւորեց արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձացումը եւ յիշեցուց, թէ յառաջիկայ 29-30 Յուլիսին նախարարութիւնը համաժողով մը պիտի իրականացնէ այս նիւթին շուրջ։ Հրանոյշ Յակոբեան մասնակիցներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի Սփիւռքի մէջ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն հայերէն լեզուն, սրբօրէն պահեն ու պահպանեն մեր մայրենին, որ ամենամեծ գրաւականն է ազգապահպանութեան։
Բաց աստի, նոյնպէս Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագրի հինգերորդ փուլի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն։ Ջերմօրէն ողջունելով ներկաները՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց անոնց հետ։ Ան երիտասարդներուն բացատրութիւններ տուաւ հայոց բանակի անցած ուղիին եւ կերտած պատմութեան շուրջ։ Նախարարը բանակին մասին խօսելու առընթեր անդրադարձաւ երկրի անվտանգութեան վերաբերեալ բազմաթիւ խնդիրներու։ Ըստ իրեն, Սփիւռքի բարոյական աջակցութիւնը կրնայ մեծապէս նպաստել անոնց լուծման։ «Թող հայ ժողովուրդը վստահ ըլլայ, որ հայկական բանակը իր առջեւ դրած է մեր իսկ ժողովուրդի, հարազատներու խաղաղութիւնը, անվանգութիւնը ապահովելու խնդիրը՝ եւ պիտի ապահովէ», ըսաւ Սէյրան Օհանեան։
Իր կարգին, Հրանոյշ Յակոբեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ջերմ ընդունելութեան համար եւ կարեւորեց նման հանդիպումներուն նշանակութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդներուն տեսակէտէ։
Սէյրան Օհանեան պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու հարցումներուն, իսկ աւելի վերջ անոնք այցելեցին բանակի զօրամասերէն մին, ուր ծանօթացան առօրեային։
Միւս կողմէ, «Արի տուն» ծրագրի իրերայաջորդ փուլերը կը շարունակուին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Իւրաքանչիւր հերթափոխին կազմակերպուած դիմաւորման եւ հրաժեշտի հանդիսութիւնները խոր տպաւորութիւն կը գործեն երիտասարդներուն վրայ եւ անմոռանալի հետք մը կը թողուն անոնց յիշողութեան մէջ։
Հրանոյշ Յակոբեան «Արի տուն»ի չորրորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին երիտասարդներուն յորդորեց հաւատարիմ մնալ ազգային արժէքներուն, պահպանել մայրերնին, բնակութեան երկրին մէջ ըլլալ արժանապատիւ քաղաքացի ու բարձր պահել հայու պատիւը։ «Մենք ձեզի կ՚ըսենք ցտեսութիւն, այսինքն՝ հրաժեշտ կու տանք՝ դարձեալ ձեզ տեսնելու փափաքով։ Մենք ձեզ կը սիրենք, միշտ կը սպասենք», ըսաւ ան։