ԷՕԶԷԼ ԱՆՑԱՒ ՃՀՓ-Ի ԳԼՈՒԽԸ
Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ շաբաթավերջին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի արտահերթ համագումարը։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կազմակերպուած ընդհանուր ժողովը մագնիսացուց հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը։ Համագումարի արդիւնքով ՃՀՓ-ի կուսակցապետը փոխուեցաւ։ Քեմալ Քըլըչտարօղլու, որ վերջին նախագահական ընտրութիւններէն ի վեր լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէր, կուսակցապետի ընտրութեան մէջ զիջեց Էօզկիւր Էօզէլին։ Համագումարի ընթացքին քուէարկութեան առաջին փուլով կարելի չեղաւ ընտրել նոր կուսակցապետը։ Էօզկիւր Էօզէլ երկրորդ փուլին կարողացաւ ապահովել անհրաժեշտ զօրակցութիւնը։ Այսպէսով Էօզկիւր Էօզէլ դարձաւ ՃՀՓ-ի նոր կուսակցապետը՝ յաջորդելով Քեմալ Քըլըչտարօղլուին։
Համագումարի դիւանին նախագահն էր Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու, որ կուսակցութենէն ներս փոփոխութեան պահանջի յառաջատարը դարձած էր։ Էօզէլ եւ Իմամօղլու համագումարի աւարտին միասնաբար ողջունեցին ՃՀՓ-ի պատգամաւորները։ Էքրէմ Իմամօղլու յայտարարեց նաեւ, որ իրենք պիտի ջանան ապահովել նաեւ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի համերաշխութիւնը։
Այսպէսով, գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը յառաջիկայ տարեմուտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն պիտի երթայ նոր կուսակցապետով։