ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԸ
Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւնը արդէն կ՚ազդէ Եւրոմիութեան կողմէ Ուքրայնային ցուցաբերուած աջակցութեան վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵՄ-ի երկիրներու դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Ժոզէֆ Պորել ըսաւ. «Երկու պատերազմներն ալ բոլորովին տարբեր են, բայց եկէք անկեղծ խօսինք։ Մերձաւոր Արեւելքի ճգնաժամը արդէն երկարաժամկէտ ազդեցութիւն կ՚ունենայ Ուքրայնայի նկատմամբ մեր քաղաքականութեան վրայ»։
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթով ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին կարեւորեցին համակարգուած միջազգային քայլերը՝ անվտանգութեան ռազմավարական ռիսքերը նուազեցնելու համար։